ԵՌԱԳՈՅՆ.- Արցախի Հանրապետութեան 2019-ի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնի գիւղի համայնքապետ ընտրուեցաւ ծնունդով Գամիշլիցի, հայրենադարձ, ՀՅԴ անդամ Անդրանիկ Չաւուշեան։

Անդրանիկը հայրենիք դարձած է Լիբանանէն, երկար տարիներէ ի վեր կը բնակի Արցախի մէջ, մասնակցած է Արցախի քառօրեայ պատերազմին, այժմ կը զբաղի հողագործութեամբ։