«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է 20 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը շնորհել Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին։
Սոյն մրցանակը կը շնորհուի արդարութեան, ճշմարտութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար աշխատանք տարած կրօնական անձնաւորութիւններուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յայտնած է. «Տէրտէրեան արքեպիսկոպոսը տասնամեակներու իր սպասարկութիւններով մարմնաւորումը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին օրինակելի ծառայութիւն մատուցող նուիրեալ կրօնականի մը եւ տարբեր առիթներով մօտէն գործակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ»:
Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ: