«Արմէնփրէս».-ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 Սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Կի Թեսսյէ, Վալերի Պուայէ, Կիյոմ Կասպարեան, Ժան Փիեռ Քուպերթաֆոն, Փիեռ Ուզուլիաս, Մուհամէտ Լաքհիլա եւ Դանիէլ Կազարեանը:

Նախարար Մնացականեան ողջունած է ֆրանսացի խորհրդարանականները եւ երախտագիտութիւն յայտնած անոնց վճռականութեան եւ հետեւողականութեան համար` հայ-ֆրանսական բարեկամութեան առաւել ամրապնդման եւ զարգացման ի խնդիր: Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակով հաստատուած երկխօսութեան դրական ընթացքը, պարբերաբար տեղի ունեցող երկկողմ փոխայցելութիւններն ու հանդիպումները: Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը շեշտած է նաեւ ֆրանսացի խորհրդարանականներուն կարեւոր դերակատարութիւնը` հայ-ֆրանսական երկկողմ օրակարգին առաւել ընդլայնման եւ հարստացման համար:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ֆրանսախօսներու Միջազգային Կազմակերպութեան դերակատարութեան եւ  հաստատուած գործակցութեան: ԱԳ նախարարը յայտնած է, որ ՖՄԿ-ն միջազգային եւ տարածաշրջանային գործակցութեան լաւ հարթակ է, եւ յայտնեց, որ Հայաստանը, որպէս գագաթնաժողովը նախագահող պետութիւն, իր վճռական ներդրումը պիտի ունենայ ֆրանսացիներու արժէքներուն առաջմղման եւ տարածման գործին մէջ: Ներկայացնելով ՖՄԿ գագաթնաժողովին Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները` նախարար Մնացականեան նաեւ կարեւոր համարած է կառոյցին` միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն հետ սերտ գործակցութեան զարգացումը:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին: Նախարար Մնացականեան դիտել տուած է, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ Ֆրանսան, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի անդամ, երկրին աջակցութիւնը հիմնահարցին նկատմամբ խաղաղ կարգաւորման համար:

Զրուցակիցներու քննարկումները կեդրոնացած են նաեւ ֆրանսացի խորհրդարանականներուն Արցախ այցելութեան եւ հոն կատարուած  հանդիպումներուն: ԱԳ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի պատգամաւորներուն` մարդու իրաւունքները յարգելու իրենց սկզբունքային դիրքորոշման եւ վճռականութեան համար` շեշտելով, որ Արցախը նախեւառաջ մարդիկ են, որոնց առանց խտրականութեան պէտք է հասանելի ըլլան բոլոր մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները: Ֆրանսացի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը Արցախի ժողովուրդին մարդկային  իրաւունքներուն զօրակցութիւն համարուած է: