Արցախի Հանրապետութեան նախագահին աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Սեպտեմբերին Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ  գտնուած է Ապրիլեան պատերազմին նահատակուած հերոսներու հարազատներուն մկրտութեան արարողութեան: