Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Աւստրալիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական խումբի նախաձեռնութեամբ Հայաստան կը գտնուին աւստրալացի խորհրդարանականներ եւ տեղւոյն հայերու պատուիրակութիւնը: Անոնք 22 Սեպտեմբերին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, ծաղիկներ զետեղելով անմար կրակին մօտ: Այնուհետեւ եղեւնի տնկած են Յիշողութեան պուրակին մէջ եւ այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:
20 անձերէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն պատգամաւորներ, գործարարներ եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ: Հոն գտնուած է նաեւ Աւստրալիոյ դաշնային խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի պատգամաւոր Թիմ Վիլսըն: Ան արմատներով հայ է: Ադամեան ազգանունը կրող անոր պապը ապրած է Կալկաթայի մէջ: Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեան անդամները պիտի այցելեն Հայաստանի տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պիտի ունենան քաղաքական գործիչներուն հետ: Նախատեսուած է Արցախ այցելութիւն: