Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւնը Երեւան եւ մանաւանդ այնտեղ կատարուած յայտարարութիւնները կը պարզեն դիտարժան որոշ հանգամանքներ, որոնք սերտօրէն կ՛աղերսուին համահայկական օրակարգին հետ. մանաւանդ այն առումով, որ յստակ ուղերձ կը բովանդակեն, ուղղուած` Ազրպէյճանին:

Պաշտպանական մարզին մէջ համագործակցութեան երեւոյթը ունի անշուշտ իր պատմականը: 2001-ին Պէյրութն ու Երեւանը կնքած են համաձայնագիր` պաշտպանական համակարգի առումով համագործակցելու: 2018-ին Պէյրութ կատարած իր այցելութեան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան իր պաշտօնակիցին հետ ստորագրած էր համագործակցութեան ոլորտներ ճշդող համաձայնագիր, որ խորքին մէջ կ՛այժմէականացնէր եւ կը մասնաւորացնէր օրին կնքուած առաջին համաձայնագիրը:

Երեւանեան հանդիպումին պաշտպանական համակարգի գերատեսչութեանց ղեկավարները յստակացուցած են համագործակցութեան առաջադրանքային կէտերը.

Ա.- Փորձառութեան փոխանակում
Բ.- Միացեալ մարզումներ
Գ.- Զինուորական կրթութեան եւ վերապատրաստութեան  համատեղ վարժանքներ
Դ.- Ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակում

Կը թուի, որ այս վերջին կէտն է ամէնէն շատ ուշագրաւը եւ քաղաքական իրադրութիւններուն հետ կապուող բաժինը: Առաջին երեք կէտերը որեւէ համագործակցութեան պարագային գրեթէ սահմանումի դասական բաղադրիչներ են` փորձի փոխանակում, միացեալ վարժանքներ, վերապատրաստութիւն:

Մեկնաբանական որեւէ փորձ անմիջապէս երկու երկիրներու ապրած ճգնաժամային կացութիւնները պիտի մտաբերէ, տեսնելու համար առաջինի պարագային Ազրպէյճանը, մինչ երկրորդի պարագային` Իսրայէլը: Եւ ահա այստեղ է, որ հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակումը կը ստանայ ռազմավարական լուրջ նշանակութիւն` ռազմական դաշինքի մը էական բաժինը ներառած ըլլալով:

Արդարեւ, փակագիծերը բանալու պարտականութիւնը ստանձնած է լիբանանցի նախարարը, երբ յստակօրէն յայտարարած է. «Լիբանանը եւ Հայաստանը իրենց սահմաններուն վրայ կը դիմագրաւեն միեւնոյն հարցերը եւ մարտահրաւէրները: Իսրայէլը միշտ ոտնձգութիւններ կը գործէ մեր հողերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շարունակական կերպով կը խախտէ միջազգային որոշումները, որոնցմէ կարեւորագոյնն է թիւ 1701 բանաձեւը: Վերջերս ան երկու անօդաչու թռչող սարքեր ղրկած էր Պէյրութ, մէկը պայթեցաւ, իսկ միւսը վար առնուեցաւ եւ գրաւուեցաւ լիբանանցիներուն կողմէ: Նոյնպէս Հայաստանը կը դիմագրաւէ Ազրպէյճանի կողմէ իր սահմաններուն եւ հողերուն նկատմամբ անօդաչու թռչող սարքերով ոտնձգութեան մարտահրաւէրը: Եւ ասիկա յաւելեալ պատճառ մըն է, որ ապահովական մարզին մէջ իրարու հետ համագործակցինք` ապահովական եւ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակման միջոցով»:

Համեմատական դիտարկում կատարելով` Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարը յստակօրէն կը փոխանցէ, որ Ազրպէյճան իբրեւ յարձակողապաշտ պետութիւն անօդաչու սարքերով ոտնձգութիւններ կը կատարէ հայկական տարածքներու նկատմամբ` խախտելով միջազգային օրէնքը: Համեմատութիւնը ո՛չ միայն երկու յարձակողապաշտ երկիրներու օգտագործած անօդաչու սարքերուն կը վերաբերի, այլ նաեւ միջազգային օրէնքը խախտելու եւ այլ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան սպառնալու:

Աւելի՛ն. ճիշդ է, որ նախարար Պու Սաապ կը խօսի Հայաստանի սահմաններուն եւ տարածքներուն նկատմամբ կատարուող ոտնձգութիւններու մասին, սակայն անուղղակիօրէն կը դատապարտէ նոյն սարքերով նոյն ոտնձգութիւնները Արցախի նկատմամբ: Խօսքը նոյն երկրին մասին է, նոյն ոտնձգութեան եւ նոյն միջոցով:

Իսրայէլ-Ազրպէյճան համեմատութիւնը, որ կատարած է Լիբանանի պաշտպանական համակարգի ղեկավարը, կշռադատուած է բոլոր առումներով. ան վստահաբար նկատի ունեցած է, որ ապրիլեան պատերազմի ընթացքին հեռակառավարուող անօդաչու սարքերը, որ օգտագործած է Պաքուն, տրամադրուած եղած են Թել Աւիւի կողմէ: Իսկ իսրայէլեան նման սարքաւորումներու մասին լիբանանեան կողմը փորձառութիւն եւ տեղեկատուութիւն ունի` նախադէպ պատերազմական գործողութիւնները եւ հարուածուած ու լիբանանեան տարածքներու վրայ ինկած կազմածները նկատի ունենալով: Իսկ թէ՛ փորձառութեան եւ թէ՛ հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակումը թարմացուած համաձայնագիրի կէտեր են, որոնց շուրջ քննարկում կայացած է Երեւանի մէջ երկու նախարարներուն մասնակցութեամբ:

«Ա