Հայաստանի Ծանրամարտի  հաւաքականի անդամ Յակոբ Մկրտիչեան դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ախոյեան։ Թաիլանտի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի առաջնութեան տղոց 89 քկ. ծանրութեան պոկումի վարժութեան Մկրտիչեան բարձրացուց 167 քկ, իսկ հրումի`208 քկ.: Երկամարտի 375 քկ. բարձրացնելով Մկրտիչեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան: