ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՊՈՒՖՕՆ ՄԱԼՏԻՆԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՉԱՓԱՆԻՇ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Իտալիոյ հաւաքականի եւ Ճուվենթուս խումբի բերդապահ Պուֆօն Շաբաթ օր մասնակցեցաւ իր մարզական կեանքի 902-րդ պաշտօնական մըրցումին, եւ հաւասարեցաւ նախապէս սոյն թիւին հասած Իտալիոյ պատմութեան լաւագոյն խաղացող՝ Փաուլօ Մալտինիին, որ նաեւ 1985-2009 մասնակցած է 902 պաշտօնական մրցումի: Զոյգ խաղացողներուն միջեւ միակ տարբերութիւնը այն է, որ Մալտինին այս թիւը արձանագրած է միայն մէկ ակումբի՝ Միլանի հետ, մինչդեռ Պուֆօն խաղացած է երեք ակումբներու հետ՝ Ճուվենթուս 657 մրցում, Պարմա 220 մրցում եւ Փարիզ սան Ճերման 25 մրցում:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՎԵՐՋԻՆ 25 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱՄԷՆԷՆ ՁԱԽՈՂ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԲՈԼՈՐԵՑ
Մարզական վերլուծաբաններու համաձայն, այս տարի Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի ընթացքը այդքան ալ յաջող պիտի չըլլայ, որովհետեւ անոր սկզբնական շրջանի հինգ մրցումներուն ալ արդիւնքը այդքան յաջող չէր: Պարսելոնան 15 կէտերու փոխարէն կրցաւ ապահովել միայն 7 կէտ, արձանագրելով երկու յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ երկու պարտութիւն: Բացման հանդիպումին Աթլեթիքօ Պիլպաու խումբէն պարտութիւն կրելէ ետք, Պարսելոնան Շաբաթ երեկոյ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ Գարանաթայի կազմէն 2-0 արդիւնքով: Յիշենք, որ Ապրիլ ամիսէն ի վեր Պարսելոնան չյաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ զինք հիւրընկալած խումբերու դաշտերէն: Վերադառնալով հանդիպումին մանրամասնութեան, Գարանաթայի առաջին կոլը նշանակեց Ռամոն Ազիզը, իսկ տուգանային հարուածով երկրորդ կոլը՝ Ալվարօ Վատիլոնը:
ԻՒՐԻ ՃՈՐԿԱՅԵՒ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ 
«Արմէնփրէս» յայտարարեց, որ ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Իւրի Ճորկայեւ Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Մեր հայրենակից Իւրի Ճորկայեւ նշանակուած է ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն եւ այս կարգավիճակով 6-9 Հոկտեմբերին կ’այցելէ Հայաստան», գրած էր Փաշինեան:
ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամը գործունէութիւն կը ծաւալէ ամբողջ աշխարհի ֆութպոլային ենթակառոյցներու զարգացման համար: Յիշենք, թէ Ճորկայեւ հանդէս եկած է Սթրասպուրկ, Մոնաքօ, Փարիզ սան ճերման, Ինթըր Միլան, Կայզըրսլաուտըրն, Պոլթոն, Պլեքպեռն խումբերուն հետ: Ֆրանսայի հաւաքականին հետ կատարած է 67 խաղ, արձանագրելով 26 կոլ: Հաւաքականին հետ հասած է 1998-ի աշխարհի եւ 2000-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
ՌՈՄԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉԸ ԳՈՎԱԲԱՆԱԾ Է ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԸ
 Իտալական Ռոմաի գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեկան գովաբանական խօսքերով արտայայտուած է «գայլերու» եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանի մասին:«Մխիթարեան ֆիզիքապէս լաւ պատրաստուած խաղացող է: Ան լաւ մարզական վիճակով մեկնեցաւ Արսենալէն եւ Սասուոլոի դէմ տեղի ունեցած մրցումին լաւ խաղարկութեամբ հանդէս եկաւ», ըսաւ Ֆոնսեկան:
Յիշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիկ Մխիթարեանի փոխադրութեան իրաւունքը կը պատկանի Լոնտոնի Արսենալին: Ընթացիկ մրցաշրջանինՄխիթարեան վարձավճարով հանդէս պիտի գայ իտալական Ռոմա ակումբին հետ եւ մրցաշրջանի աւարտին Ռոման ֆութպոլիստին ամբողջական փոխադրութիւնը գնելու իրաւունքը կ’ունենայ:
ՆԱՏԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ LAVER CUP-Ի ՄՐՑՈՒՄԻՆ 
Սպանացի թենիս խաղացող Ռաֆայէլ Նատալ պիտի չմասնակցի Ռոճըր Ֆետերերի հետ Laver Cup-ի զոյգերու խաղին: Մրցաշարքի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Նատալին դաստակը վնասուած ըլլալով խորհրդակցած է բժիշկին հետ, որմէ ետք որոշած է չմասնակցիլ խաղային երրորդ օրուան հանդիպումներուն: Անոր փոխարէն Ֆետերերի հետ պիտի մրցի Ստեֆանոս Ցիցիպասը, նախապէս մրցելով նաեւ ամերիկացիներ՝ Ջոն Իսնըրի ու Ջէք Սոկի հետ: Նիկ Կիրեոսի հետ մենախաղին Նատալը կը փոխարինէ Տոմինիք Տիմը:
ՈՎ Է ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻ ԽԱՂԱՑՈՂ ԱՆՍՕ ՖԱԹԻՆ 
Թէեւ շատ ժամանակ չանցաւ անոր Պարսելոնայի առաջին խումբ մուտք գործելուն, բայց եւ այնպէս ան կրցաւ անմիջապէս իր գլխաւոր տեղը գրաւել կազմին մէջ եւ դառնալ ամէնէն վտանգաւոր խաղացողներէն մէկը: Կինիայի Պիսաու քաղաքէն 2002-ի ծնունդ Անսօ Ֆաթին, փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուեցաւ Սպանիոյ Սիվիլիա քաղաք: 2012-ին մաս կազմեց Պարսելոնայի ֆութպոլի դպրոցին եւ հետեւեցաւ խումբի փորձերուն: Երեք տարուան տեւողութեան, արհեստավարժական իր առաջին պայմանագիրը ստորագրեց 2019-ի Յուլիսին, բայց ան տեղեակ չէր նոյնիսկ որ կրնայ մաս կազմել Պարսելոնայի Բ. կազմին: Իր պաշտօնական առաջին մրցումը կատարեց Ռէալ Փեթիս կազմին դէմ, երբ 16 տարեկան էր: Սոյն մրցումին Անսօն նշանակեց իր առաջին կոլը եւ դարձաւ Պարսելոնայի ամէնէն կրտսեր խաղացողը, որ կը յաջողի կոլ արձանագրել: Մինչեւ այսօր Ֆաթին ոչ մէկ հաւաքականի հետ խաղերու մասնակցած է: Վերջերս Սպանիոյ դաշնութիւնը անոր շնորհած է սպանական հպատակութիւն, զինք երկրի հաւաքականին միացնելու համար:
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Յակոբ Մկրտիչեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան։
Թաիլանտի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մրցումներուն տղոց 89 քկ. ծանրութեան պոկումի վարժութեան, Մկրտիչեան բարձրացուց 167 քկ., իսկ հրումի՝ 208 քկ.: Երկամարտին, 375 քկ. բարձրացնելով, Մկրտիչեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան