ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 24 Սեպտեմբերին, NEWS.am-ի հետ իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր որդեգրած ուղիին եւ աշխատանքներուն մասին տեւաբար վերագնահատում կը կատարէ եւ պիտի շարունակէ կատարել: Ապա անդրադառնալով ԱՄՆ-ի մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիտարկումին, որ ՀՅԴ-ն պէտք է որոշակի վերագնահատումներ կատարէ վերջին շրջանին ՀՀ-ի մէջ ծաւալած իր գործունէութեան մասին ըսաւ. «Շնորհակալ ենք վարչապետին խորհուրդին համար, բայց ատիկա իր ենթակայական կարծիքն է: Դաշնակցութիւնը իր անցած ճամբուն եւ աշխատանքներուն վերագնահատումը միշտ ալ կը կատարէ եւ պիտի շարունակէ կատարել: Դաշնակցութեան վերջին շրջանի գործունէութեան արժեւորումն ու գնահատականը տուած են ՀՅԴ բարձրագոյն ժողովները` Ընդհանուր ժողովը եւ Գերագոյն ժողովը»:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ՀՅԴ–ն կառավարութեան հետ ո՞ր հարցերուն մէջ պատրաստ է գործակցելու եւ ապագայի քայլերը ձեւակերպելու, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Հոն, ուր կայ պետութեան շահ, մեր ողջ աղբիւրները պիտի օգտագործենք յանուն պետականութեան եւ հայ ժողովուրդին»:
Ան շեշտեց, որ բացառուած է կառավարութեան մաս կազմելն ու անոր հետ դաշինք կնքելը, սակայն ՀՅԴ–ն ընդհանրապէս բոլոր այն ուղղութիւններով, ուր հայ ժողովուրդին, պետութեան շահերը պաշտպանելու, համահայկական կամ արտաքին աշխարհին հետ յարաբերութեան հարցեր կան, պիտի գործակցի պետութեան հետ, որովհետեւ իշխանութիւնները անցողիկ են, իսկ պետութիւնը մնայուն արժէք է»:
Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց նաեւ, թէ կառավարութեան կողմէ որեւէ հարցի պարագային գործակցութեան առաջարկ ցարդ չէ եղած: