«Ապառաժ».-24 Սեպտեմբերին ՀՅ Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս գումարուած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ընդլայնուած նիստ, որուն մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները:

Նիստի ընթացքին քննարկուած են յառաջիկայ ամսուան ընթացքին խորհրդարանական գործունէութեան եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: