«Երկիր».-ՄԱԿ-ի  74-րդ նիստի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 24 Սեպտեմբերին հանդիպեցաւ Ֆինլանտիոյ ԱԳ նախարար Պեքքա Հաաւիսթոյի հետ:

«Նախարար Մնացականեան շնորհաւորեց իր ֆին գործընկերոջ պաշտօնը ստանձնելու առիթով եւ յաջողութիւններ մաղթեց այդ պատասխանատու առաքելութեան մէջ: Արտաքին Գործոց նախարարները արտայայտեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւն` գործնական քայլեր ձեռնարկելու երկու երկիրներու միջեւ բազմաոլորտ գործակցութեան զարգացման ներուժի լիարժէք կիրառման մասին: Շեշտուեցաւ թիրախային ուղղութիւններ հանդիսացող տեղեկատուական ճարտարագիտութեան, ստեղծագործ կրթութեան, նորարարութեան ոլորտներու ներկայացուցիչներու միջեւ կապերու խթանման կարեւորութիւնը:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Եւրոմիութեան խորհուրդին Ֆինլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս գործակցութեան ընդլայնման եւ ամրապնդման: Նախարար Մնացականեան շեշտեց ԵՄ մուտքի արտօնագիրերու սահմանման շուրջ երկխօսութիւն ծաւալելու կարեւորութիւնը` յատկապէս մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները ընդլայնելու նպատակով:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը իր ֆին գործընկերոջը ներկայացուց ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները: Զրուցակիցները կարեւոր համարեցին հակամարտութեան կողմերու յանձնառութիւնը հիմնահարցին բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: