Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2019-ին, Դամասկոսի չինական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմ ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Կիր Պետրսընի Սուրիա այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ Սուրիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբի մանրամասնութիւններուն շուրջ, յետ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի թելադրանքներուն եւ հետապնդման, ինչպէս նաեւ 18-ամսեայ երկարատեւ խորհրդակցութիւններու»։
Սուրիական «Ուաթան» թերթը յայտնեց, որ կողմերը համակարծիք էին այն գաղափարին շուրջ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը միայն իրաւասու է իր երկրին ապագան ուրուագծելու՝ առանց արտաքին միջամտութեան։
Սուրիա ներկայացուցած է յանձնախումբի իր առաջարկած անձնակազմը։
Յիշենք, որ Սուրիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբի անդամներուն մաս կը կազմէ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան։