Սուրիա գործուղուած Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան սակրաւորները Հալէպ իրենց ժամանումէն մինչ օրս, ութը ամիսներու ընթացքին, նահանգի ալ Հուսէյնիէ բնակավայրին մէջ գտնուող ականապատուած երկու դաշտի ականազերծումը աւարտին հասցուցին։

Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ տարածքներու յանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի գործադիր մարմնի ներկայացուցիչները, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման և փորձագիտական կեդրոնի տնօրէն Ռուբէն Առաքելեան, կեդրոնի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արկատի Տոնոյեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան։

Նախքան արարողութիւնը, հայ մասնագԷտներն ու ՀալԷպի նահանգապետարանի ներկայացուցիչները միասնաբար տարածքները զննեցին, իսկ Յակոբ Յարութիւնեան մանրամասնօրէն ներկայացուց տարուած մասնագիտական աշխատանքը։

Այնուհետեւ ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման և փորձագիտական կեդրոնի տնօրէն Ռուբէն Առաքելեան, Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Քըմէյթ Ասի ալ Շէյխին յանձնեց տարածքներու ականազերծման առնչուող հաւաստագրերը, որոնց համաձայն, թիւ 1 եւ թիւ 2 վտանգաւոր տարածքները ականազերծուած են, մաքրուած եւ ստուգազննուած։

Ռուբէն Առաքելեան յայտնեց, որ յանձնումի վկայականով յիշուած տարածքները անվտանգ են և պիտանի՝ հետագայ օգտագործման համար։ Մաքրուած երկու ականադաշտերը կը կազմեն 90 հազար քռկ. մեթր։
Անոր համաձայն, հայ սակրաւորները աշխատանքներու ընթացքին նշուած հատուածներէն աւելի քան 50 պատերազմական պայթուցիկ սարքեր յայտնաբերած են։

Սուրիական կողմէն, Հալէպի նահանգային խորհուրդի գործադիր մարմնի ներկայացուցիչը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանին ու անոր ժողովրդին՝ նման մարդասիրական աշխատանքով կեանքեր փրկելու եւ Սուրիոյ ժողովուրդին աջակցելու համար, աւելցնելով որ սա պատմական օր է, որ անգամ մը եւս կ՚ամրագրէ երկու ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդները նոյն թշնամիին սադրանքներուն դէմ կը դնեն ու կը գործակցին յանուն խաղաղութեան։

Արարողութեան աւարտին կողմերը յուշանուէրներ փոխանակեցին։

Տեղւոյն բնակիչները երախտագիտական խօսքերով ճամբեցին հայ մասնագէտները։

Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան ծառայողները պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան տարածքին։