Սուրիական «Ուաթան» թերթը հրապարակեց ՄԱԿ-ի Սուրիոյ յատուկ բանագնացին եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմի խորհրդակցութիւններէն ետք ճշդուած Սուրիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբին կազմը:
Յանձնախումբի ընդլայնուած կազմը կը բաղկանայ 150 սուրիացիներէ: Սուրիոյ ներկայացուցած 50 անդամ հաշուող անձնակազմին մաս կը կազմէ նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան: