“Արմէնփրէս”.- Նիւ Եորք աշխատանքային այցելութեան ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կութերեշի հետ։

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ արարողակարգային ձեռքսեղմումէն եւ ՀՀ վարչապետին ՄԱԿ-ի հիւրերու գիրքին մէջ գրառում կատարելէn ետք` տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անթօնիօ Կութերեշի հանդիպումը։

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը ողջունած է Հայաստանի վարչապետին ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս եւ անոր մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր միութեան 74-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Անթօնիօ Կութերեշը յայտնած է, որ ՄԱԿ-ը կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, ողջունած է ժողովրդավարական զարգացումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւնը շարունակելու Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին՝ յառաջընթացին։

ՀՀ վարչապետը իր ուրախութիւնը յայտնած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին հետ հանդիպման առիթը ստեղծուելուն համար եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստանի ՄԱԿ-ի գրասենեակի կողմէն նախորդ տարեվերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն աջակցութեան համար։ Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է՝ այդ օժանդակութիւնը նոյնպէս նպաստեց, որպէսզի Հայաստանի մէջ վերջին երկու տասնամեակներուն տեղի ունեցան ամենաժողովրդավարական ընտրութիւնները, որոնք միջազգային հանրութեան եւ դիտորդներու կողմէն գնահատուեցան որպէս ազատ ու արդար: Վարչապետի խօսքին համաձայն, Հայաստանի նոր կառավարութիւնը յանձնառու է կեանքի կոչել բարեփոխումներու մեծ ծրագիր՝ ուղղուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, օրէնքի գերակայութեան ապահովման, դատաիրաւական ոլորտի բարեփոխման, փտածութեան դէմ պայքարին, հաւասար կարելիութիւններու ապահովման, եւ Հայաստանը կարեւոր կը համարէ միջազգային գործընկեր կառոյցներու, յատկապէս ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը բարեփոխումներու արագ եւ յաջող կեանքի կոչելու գործին մէջ։

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը ողջունած է Հայաստանի իշխանութիւններուն բարեփոխումներու նախաձեռնումը եւ յայտնած, որ ՄԱԿ-ը լիարժէքօրէն աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգին։ Վարչապետ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի հետ աշխատանքին համար ապա կարեւոր համարած է կառավարութեան արդիւնաւէտօրէն համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան հետ։

Հայաստանի վարչապետը եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը միտքեր փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, համաշխարհային մարտահրաւէրներուն, միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ։