Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց իտալացի քաղաքական գործիչներ եւ խորհրդարանականներ ընդգրկող պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ՝ Իտալիոյ խորհրդարանի անդամ Փաուլօ Ռոմանիի:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ իրավիճակի վերջին զարգացումներուն, քաղաքական գործընթացին եւ երկրին վերականգնումին շուրջ: Ասատ յայտնեց, թէ հակառակ անոր որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ ջանք չեն խնայեր Սուրիոյ պատերազմի ալիքը սաստկացնելու, ահաբեկչութեան աջակից հանդիսանալու եւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կանխարգիլելու, այնուամենայնիւ զինուորական գետնի վրայ դրական շօշափելի զարգացումներ կ’արձանագրուին:
Իրենց կարգին, պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, որ լրատուական միջոցներուն ապատեղեկատուութիւնը տեղի տուաւ սուրիական իրականութեան դիմաց: Այս լոյսին տակ ալ եւրոպական շարք մը պետութիւններ պէտք է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն որդեգրեն Սուրիոյ նկատմամբ: