ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Եգիպտոս միջազգային ընտանիքէն պահանջած է հաշուի կանչել Թուրքիոյ ներկայ նախագահը՝ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներուն դէմ գործելուն եւ Սու-րիոյ մէջ ահաբեկիչներուն զօրակցելով, անոնց նիւթապէս աջակցելով բարբարոսութիւններու միջավայր ստեղծելու իր վարքագիծին համար:
Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ահմատ Հաֆէզ, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովին Էրտողանի յայտարարութիւններուն եւ ամբաստանութիւններուն պատասխանելով ըսաւ. «Զարմանալին եւ ծիծաղելին այն է, որ Էրտողան կը շարունակէ ամբաստանել Եգիպտոսը եւ խօսիլ արդարութեան մասին, երբ ատելութեամբ եւ նախանձով լեցուած է Եգիպտոսի ժողովուրդին հանդէպ: Իսկապէս ծիծաղելի է, որ տարածաշրջանին մէջ ծայրայեղական, խաւարամիտ ահաբեկչական շարժումներ առաջնորդող, անոնց քաղաքական ապաստան, քարոզչական կարելիութիւններ եւ զինամթերք հայթայթող ղեկավար մը, որ պատճառ հանդիսացաւ երկիրներու քանդումին, զանգուածներու տեղահանութեան եւ մարդկային բազում կորուստներու՝ խօսի արդարութեան մասին: Սուրիոյ օրինակը մեր աչքին առջեւ է: Էրտողան Սուրիա թափանցած ահաբեկչական խմբաւորումները հովանաւորեց, պատճառ դառնալով ժողովուրդին արիւնահեղութեան, տարագրութեան, միւս կողմէն քաջալերեց ահաբեկիչներուն հոսքը զանազան ուղղութիւններով, դէպի Եւրոպա, Ասիա եւ Ափրիկէ՝ ամէնուր անապահովութիւն յառաջացնելու եւ հաւատադրժողական գաղափարաբանութիւնը տարածելու»:
Հաֆէզ աւելցնելով ըսաւ. «Եգիպտոս քանիցս դատապարտած էր Էրտողանը՝ տարածաշրջանի զանազան երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելու, անոնց ներքին կայունութիւնը խախտելու եւ տարածքներ գրաւելու իր փորձերուն համար: Թուրքիոյ նախագահն ու իշխանութիւնները իրենց ժողովուրդն իսկ որպէս պատանդ կ’օգտագործեն ու զայն կը չարաշահեն»:
Հաֆէզ եզրափակելով ըսաւ, որ Էրտողանի Եգիպտոսին ուղղուած ամբաստանութիւնը իր ներքին, արտաքին եւ միջազգային ձախողութիւնները քողարկելու անյաջող փորձ մըն է: