Անցեալ Կիրակի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը Լոս Անճելըս առիթ մը եղաւ լուսարձակի տակ առնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութենէն վերապրած Ամերիկայի հայ համայնքի վճռականութիւնը՝ դառնալու անքակտելի մասնիկ ամերիկայի հասարակական կեանքի զարգացման գործին՝ Լոս Անճելըս քաղաքին, Քալիֆորնիա նահանգին եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը հաւատայ, որ Սփիւռքի հայութեան դերը նիւթական օժանդակութիւններէն եւ նպաստներէն աւելին պէտք է ըլլայ, որովհետեւ Սփիւռքը նաեւ Հայ Դատը հետապնդող աշխոյժ քաղաքական ուժ է: Վարչապետին հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին մատնանշեցինք նաեւ բաժանումներ ստեղծելու վտանգները՝ շեշտելով, որ Դաշնակցութեան մէջ շերտեր չկան եւ թէ ազգային բոլոր հարցերուն վերաբեալ կուսակցութիւնը գաղափարական մէկ կեցուածքով հանդէս կու գայ: Այս հիմքով ալ կը հաւատանք, որ մեր արդար դատի հետապնդման եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ի խնդիր պէտք է գործի լծել մեր ժողովուրդի ամբողջ կարողականութիւնը: Այս շրջածիրին մէջ, հարկ համարեցինք բացատրել, որ Սփիւռքի համար ինքնութեան պահպանումը ինքնանպատակ չէ, այլ հաւատամք՝ հետապնդելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու դատը՝ իբրեւ ծառայութիւն Հայաստանի պետականութեան հզօրացման եւ իրապէս ազատ, անկախ, զարգացած եւ միացեալ հայրենիքի մը ստեղծման:
Վարչապետին այցելած Լոս Անճելըս քաղաքի հայկական համայնքը հիմնովին կառուցուած է հայկական ջարդերէն ու Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու ջանքերով: Այս համայնքին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունեցած է հիմնական դերակատարութիւն համայնքի կրթական, մշակութային եւ քաղաքական հիմնարկներու ստեղծման ու կառուցման գործին մէջ: Հիմնարկներ՝ որոնք ոչ միայն ծառայած են հայկական ինքնութեան պահպանման նպատակին, այլ նաեւ սերունդներու մօտ սնուցանած եւ ջատագոված են հրամայականը՝ ձգտելու ազատ, միացեալ եւ անկախ Հայաստանի մը կերտումին՝ իբրեւ հիմնաքարը մեր ժողովուրդի յարատեւման:
ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն վարչապետին փոխանցեց իր անվարան ու ամբողջական աջակցութիւնը՝ յառաջացնելու աշխատանքային ծրագիր մը, որուն իւրաքանչիւր առաջադրանքը առաւել պիտի ամրացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ապահովէ անոր բարգաւաճումը, զօրացնէ անոր ազգային անվտանգութիւնը. առաջադրանքներ՝ որոնք ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական հիմնասիւները եղած են անոր պատմութեան 130 տարիներուն ընթացքին: Այս առումով, յոյս յայտնեցինք, որ վարչապետին վստահեցումները ընկերային արդարութեան հաստատման, դատական համակարգի բարեփոխման եւ փտախտի դէմ պայքարի քայլերը արդիւնաւէտ կ՝ըլլան, միշտ ներհաշտ ըլլալով Հայաստանի սահմանադրութեան: Այս ծիրին մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեցինք այս աշխատանքներու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ մեր անվերապահ յանձնառութիւնը՝ Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ապահովման համար:
Վստահ ենք, որ վարչապետին Լոս Անճելըս այցելութենէն ետք, մեր համայնքը զօրավիգ պիտի կանգնի մեր համազգային ծրագիրներուն եւ առնէ դրական քայլեր, որոնք պիտի վերածուին գործնական արդիւնքներու՝ ի խնդիր Հայ Դատին եւ մեր ժողովուրդին համար նոր յաջողութիւններու նուաճման:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
26 Սեպտեմպեր 2019