Ս. Գէորգի Զօրավարին տօնին առիթով Ուրբաթ 27 Սեպտեմբեր 2019ին, երեկոյեան ժամը 5ին, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս Զօպուեանի եւ մասնակցութեամբ քահանայ հայրերուն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն: Յուսադրող երեւոյթ էր բազմահարիւր հաւատացեալներուն խանդավառող ներկայութիւնը: Խուռներամ բազմութիւնը եկած էր Ս. Գէորգ զօրավարին օրհնաբեր յիշատակը պատուելու եւ անոր բարեխօսութեան դիմելու: Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը գտնուող հրկիզուած Ս. Գէորգ եկեղեցին կրեց պատերազմի վէրքերն ու հետքերը: Ան վնասներու ենթարկուեցաւ, բայց Աստուծոյ հայրական խնամքին շնորհիւ ստոյգ քանդումէ փրկուեցաւ: Ուստի, Գողգոթացեալ եկեղեցին վկան է հայու գոյապայքարին: Ուխտի օրուան բնոյթ ունեցաւ հոգեպարար եւ խորհրդաւոր հանդիպումը: Երկիւղած զգացումով, բարեպաշտական ապրումով եւ յուզումնախառն հոգեվիճակով ուխտաւորներ հետեւեցան մատուցուած աղօթքներուն եւ երգուած շարականներուն: Առաջնորդ Սրբազան հայրը փոխանցեց իր քարոզը: Ան գոհաբանական խօսքերով փառք վերառաքեց Աստուծոյ, որուն հովանիին ներքեւ առիթ ըծայուեցաւ միասիրտ աղօթելու եւ հաւատքի ախոյեան հանդիսացող Ս. Գէորգ զօրավարի խօսուն օրինակով ներշնչուելու: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ պատերազմի աւերներուն մասին, որոնց ծանր հետեւանքները անժխտելի իրողութիւններ են: Հակառակ տխրահռչակ դէպքերուն կարելի եղաւ վերստին կանգնիլ եւ վերաշինութեան գործին լծուիլը: Հանգրուան մը, որ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ հաւաքական ճիգերով կ`ունենայ բարեյաջող ընթացք: Սրբազանը խրախուսեց հոծ բազմութիւնը, որ հաւատքի մղումով ապացուցեց թէ Ս. Գէորգ զօրավարը համախմբող ուժականութիւն ունի, եւ մասնաւորաբար հալէպահայեր խոր կապուածութեամբ կը շարունակեն յաճախել սուրբին անունով մկրտուած այս եկեղեցին: Սրբազան հայրը գնահատեց ներկայ եկեղեցասէր ժողովուրդը եւ թելադրեց կամքով զինուիլ, յոյսով բարիին կառչիլ, լաւատեսութեամբ գալիքին նայիլ, որպէսզի հայը խիզախ կեցուածքով արժեւորէ իր քրիստոնեայ կոչումը:
Աւարտին, միասնաբար “Հայր Մեր”ը երգուեցաւ, ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
Վիրաւոր Ս. Գէորգ եկեղեցին աստուածային օրհնութեան պատուաստով մխիթարեց վիրաւոր հալէպահայութիւնը, որ նախատօնակին ընդմէջէն վճռեց խաչի ճանապարհէն ընթանալ եւ Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից դառնալ:
“Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցի”:

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան