Նախորդ օրերուն, ԵՏՄ-ը նախագահող երկրին՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵՏՄ) Բարձրագոյն Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն կը մասնակցէին ԵՏՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարները եւ 3 երկիրներու հրաւիրեալ առաջնորդներ:
Նիստին արդիւնքները լոյս սփռեցին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնումին վրայ: Միութիւնը առարկայական բանակցութիւններ կը վարէ քանի մը երկրի, ինչպէս նաեւ 20 միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու հետ: Շուտով ազատ առեւտուրի գօտիի շուրջ նոյնանման բանակցութիւններ պիտի ստորագրուին տնտեսութեան ոլորտի հսկաներէն մէկուն՝ Հնդկաստանի հետ: Հոկտեմբերին գործնական փուլ պիտի թեւակոխեն Իրանի եւ Չինաստանի հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրները:
Հայաստան ԵՏՄ-ի անդամ միակ երկիրն է, որ Իրանի հետ ցամաքային սահման ունի: Այս առաւելութեան օգտագործումը պիտի նպաստէ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման՝ Հայաստանը դարձնելով ԵՏՄ-ի համար Իրանի հետ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ամրագրման գործուն հարթակ:
ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներու տնտեսական համարկուած գործընթացներուն հիմնական նպատակը անդամ երկիրներու տնտեսական մրցունակութեան մակարդակի բարձրացումն է: Հայաստանի նման փոքր տնտեսութիւն ունեցող երկիրներուն համար կարեւոր նշանակութիւն ունի արտադրութիւններու արտածումին աստիճանական աճը: Հայաստանի ԵՏՄ-ին անդամակցութեան հինգ տարուան ընթացքին այս ցուցանիշը բարելաւուած կը թուի ըլլալ:
Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ռազմավարութիւնը առաւելաբար պէտք է հիմնուի արտահանման ներուժի խթանումին վրայ: ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներու հետ առեւտուր ընելու համար Հայաստան ունի արտահանման չօգտագործուած հսկայ ներուժ: Տնտեսագէտներու համաձայն, գիներու սերտողութիւնը եւ արտաքին առեւտուրի կանոններու մատչելիութիւնը պիտի նպաստեն ՀՀ-էն դէպի ԵՏՄ-ի երկիրներ արտածումի աճին: Միւս կողմէ, արտահանումի աճը ինքնաբերաբար տեղի չ’ունենար, այլ կը պահանջէ արտաքին առեւտրային յստակ ռազմավարութեան կենսագործում, ինչպէս նաեւ տուեալ երկիրներու հետ միասնական շուկայի ստեղծում:
Ուստի ընծայուած առիթը լաւագոյնս օգտագործելով, տնտեսական յառաջընթացի ապահովման համար Հայաստանի ներքաղաքական առճակատումները անհրաժեշտ է վերածել մասնագիտական որակեալ մշակումներու վրայ հիմնուած տնտեսութեան զարգացման եւ ժողովուրդին բարեկեցութեան ծառայող քաղաքական գործակցութեան:
«Գ.»