*Որքան որ գիտեմ «Գանձասար»ի «Ազատ Խօսքի Ընկալման Հարցեր» խմբագրականին բովանդակութիւնը եւ զայն հրապարակային քննարկումի դնելու առաջարկը առաջինն են իրենց տեսակին մէջ: Ողջունելի նախաձեռնութիւն մը, որ, կ’ընդունիմ, սկիզբը դժուարութիւն ունեցայ հասկնալու, անոր ընդառաջելու առաջարկը, ապա եւ այդ մասին գրելու տեսանկիւն մը ճշդելու: Պատճառը այն է, որ հայ մամուլին հետեւողներս, ընդ որում ի մասնաւորի սփիւռքահայերս, որ ընթերցողներ ենք նաեւ մեր ապրած երկիրներու թէ միջազգային մամուլին, լրագրութեան պատասխանատուութիւնը կը հասկնանք որպէս ազատ խօսքի պաշտպանութիւն ընդդէմ կեղծ լուրերու տարածման, կամ «ֆէյք» լրահոսի, եւ իրականութեան բացայայտման: Անմիջապէս յստակացնեմ որ «սփիւռքահայերս» կ’ըսեմ պարզապէս որովհետեւ այս ակնարկը գրելով նկատի ունիմ սփիւռքեան մամուլը եւ յատկապէս գրաւոր մամուլը: Հայրենի մամուլին ու լրահոսին հետեւելով հանդերձ անհրաժեշտ ծանօթութիւնն ու հաղորդակցութեան միջոցներու մասնագիտացումը չունիմ հիմնաւորուած կարծիք բանաձեւելու համար անոր մասին: Ազատ խօսքը, հետեւաբար, լրատուութեան ոլորտին մէջ կ’արտայայտուի ի մասնաւորի երբ մամուլը կը բացայայտէ պետական այն գաղտնիքները, որոնք կը խախտեն սահմանադրական կարգը, օրէնքը, կը բռնաբարեն հանրային ինչքը (public good) նիւթական ըլլայ այդ թէ բարոյական եւ կը բացայայտեն իշխանութեան չարաշահման պարագաներ:
Խօսքը կը վերաբերի Ուաթըրկէյթի գայթակղութեան բացայայտումէն մինչեւ Փանամա Փէյփըրզ, որոնք ժողովրդավարութեան ժամանակներու իսկական հերոսապատումներ են: Արեւմտեան աշխարհին մէջ խօսքի ազատութեան եւ հետազօտող լրագրութեան յառաջապահներուն այս համարձակութիւնը իր կարեւորութիւնը կը ստանար Պաղ Պատերազմի ոլորտին մէջ պարզ այն պատճառով, որ ամբողջատիրական կարգերու տակ լրագրութիւնը ենթակայ էր պետական գրաքննութեան՝ «պատասխանատուութեան» այն հասկացողութեամբ, որ միահեծան իշխանութիւնը՝ միակուսակցական համակարգ, զինուորական կառավարութիւն թէ անձնիշխանութիւն, որեւէ տարբերակ չունէր… Արեւմուտքի մէջ լրագրողներուն համարձակութիւնը անշուշտ կը հակադրուէր ամբողջատիրական կարգերուն, բայց նաեւ ցոյց կու տար, թէ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ալ խօսքի ազատութեան մեծագոյն պատասխանատուութիւնը իշխանութիւններու, թէ ընդհանրապէս պետական համակարգի, ուժային դիրքի չարաշահումներուն դէմ դիրքորոշուիլն էր: Եւ որքա՛ն կարեւոր կը թուի այս մէկը, եթէ նկատի ունենանք բացայայտ սուտի վրայ հիմնուած 2003-ի իրաքեան ներխուժման ու գրաւման օրը Ճորճ Պուշի աղիտալի արկածախնդրութեան մեղսակից դարձած ԱՄՆ-ի զանգուածային հաղորդակցութեանց մեծ քորփորէյշըններու ամօթալի վերաբերմունքը… Խօսքի ազատութեան այս տիպի մեծ պատասխանատուութիւնը այսօր կը վերաբերի ոչ միայն պետական չարաշահումներու, այլ մանաւանդ մեծ կապիտալի (դրամագլուխի-«Գ.») գայթակղութիւններու բացայայտման քաջութեան:
Այս բոլորէն շատ հեռու է սփիւռքահայ մամլոյ իրականութիւնը եւ պատճառը շատ հաւանաբար իր պատմական հոլովոյթն է: Մեր համայնքային իրականութիւնը, ապրած երկրի քաղաքականութենէն ընդհանրապէս հեռու մնալու «զգուշաւորութիւնը», կարգ մը հազուագիւտ բացառութիւններով ‘, ընդհանրապէս, որեւէ հանրածանօթ հայ անհատի «ազգային ինքնութիւնը» անբիծ պահելու նախանձխանդրութեամբ, սփիւռքահայ մամուլը եւ մամլոյ պատասխանատուները շատ աւելի շեշտաւորած են «պատասխանատուութիւնը», քան խօսքի ազատութիւնը: Աւելի՛ն, խօսքի ազատութեան փաստը, ամենայն սանձարձակութեամբ եւ յաճախ պատասխանատւութեան ամէն գիտակցութենէ անտարբեր, ինքզինք պարտադրեց հասարակական ցանցերուն մէջ:
Հիմա, հասարակական ցանցերու սանձարձակութի՞ւնն է, որ սփիւռքահայ մամլոյ պատասխանատուները, լրագրողները, թէ ընդհանրապէս ընթերցող հասարակութիւնը դէմ յանդիման կը դնէ խօսքի ազատութեան եւ պատասխանատուութեան հարցի քննարկման անհրաժեշտութեան: Թերեւս հասարակական ցանցերը խթան հանդիսացած ըլլան նման քննարկման անհրաժեշտութեան, բայց արմատական պատճառը, ինչպէս Շահան Գանտահարեան ճիշդ կը դիտէ, սփիւռքահայ մամուլի ընդհանրապէս կուսակցականապատկանութեան յատկանիշն է ևյարգելով բացառութիւնները: Սփիւռքահայ մամուլը իր վրայ վերցուցած է ոչ միայն լրահոսի պատասխանատուութիւնը, այլ նաեւ հայապահպանման պարտականութիւնը, ինքզինք նկատած է համայնքներու լայն իմաստով գաղափարական դաստիարակութեան ռահվիրայ եւ, ընդհանրապէս, հեռու մնացած է հետազօտական լրագրութեան (investigative journalism) մարզէն: Հարցը, հետեւաբար, ոչ թէ որովհետեւ թէկուզ եւ «պետականազուրկ» ազգի մեր սփիւռքեան գոյավիճակի իրականութիւնը զուրկ էր համայնքային հաստատութիւններէ ներս «իշխանութեան» թէ այլ կերպի չարաշահումներէ, այլ որովհետեւ միշտ ալ առկայ եղած է սփիւռքահայ մամուլի հայապահպանման առաքելութեան մը առաջհնահերթային գիտակցութիւնը: Ինչ որ չափով, պիտի խոստովանիլ՝ ինքնագրաքննութիւնը:
Այս իմաստով Միհրան Քիւրտօղլեանի դիտարկումները կուսակցական կարգապահութեան հասկացողութեան եւ ազատ խօսքի յանձնառութեան մասին ամէնէն դիպուկն են, եւ եթէ հրապարակագիրներու նոր սերունդ մը ինքզինք վերադաստիարակէ այդ դիտարկումներու հետեւումով, կրնանք մինչեւ իսկ լաւատես ըլլալ սփիւռքահայ մամուլին նոր փուլ թեւակոխելուն իմաստով: Փուլ մը, որ կրնայ մինչեւ իսկ նոր հետաքրքրութիւն ստեղծել մամլոյ օրկաններուն հանդէպ, լայնցնել անոնց ընթերցողներու շրաջանակը:
Հետեւաբար, եւ շարունակելով Միհրան Քիւրտօղլեանի դիտարկումներու ուղին, քննադատական, եւ թերեւս ինքնաքննադատական նոյն այդ մօտեցումով պիտի ուզէի լուսարձակի տակ առնել ընդհանրապէս մեր մամլոյ յօդուածագիրներուն այս օրերուն խիստ անհրաժեշտ քննադատական եւ ինքնաքննադատական մօտեցումը: Խօսքը կը վերաբերի հայապահպանման աւանդական եւ արմատացած հասկացողութեան մը բառապաշարին եւ լճացած մտքերուն ապակառուցման (deconstruction) համարձակութեան, ուր եւ պէտք է տեսնել խօսքի ազատութեան պատասխանատուութիւնը: Սփիւռքեան միթոս մը (առասպել-«Գ.») կայ, ուր տիրապետող է «նահանջ»ի, «ձուլում»ի եւ «ճերմակ ջարդ»ի փաթոլոժի մը (ախտաբանութիւն-«Գ.»), որուն «հանգստաւէտութեան սահման»էն (comfort zone) անդին չենք ուզեր անցնիլ:
Օրինակի համար թապուի վերածուած է ներազգային եւ մինչեւ իսկ ներկուսակցական ոլորտի մէջ բազմազանութեան, տարակարծութեան եւ, ինչու չէ, բազմաշերտութեան անդրադարձը եւ կարծես միշտ անհրաժեշտ է «ազգային միասնականութեան» կամ «կարգապահութեան» մասին հրապարակային ճառերու ծափահարումը: Քաղաքական, կուսակցական թէ համայնքային ղեկավարութիւնները բնականաբար պիտի շարունակեն այդ լեզուով խօսիլ: Բայց այդ մէկը պատճառ չէ որ լրագրողները թէ յօդուածագիրները նախաձեռնող չըլլան մեր ներազգային ամէն ձեւի տարակարծութիւններու եւ ամէն բնոյթի տարբերութիւններու, ինչպէս օրինակի համար՝ դասակարգային, իրականութիւնը պեղելու եւ այդ մասին գրելու: Ի վերջոյ այդ մէկը միայն բնական է աշխարհացրիւ սփիւռքեան իրականութեան համար, այնպէս ինչպէս բնական է լեզուամտածողական տարբեր ոլորտներու մէջ ծնած ու մեծցած չորրորդ սերունդի եւ հասակ առնող հինգերորդ սերունդի ազգային ինքնութեան հասկացողութիւնը: Աւելի՛ն, այդ տարբերութիւններու անդրադարձն ու հրապարակային քննարկումն են, որոնք ազգային միասնականութեան պիտի առաջնորդեն համասփիւռքեան այսօր գրեթէ բացակայ «տիալոկ»ի մը միջոցաւ: Հոն է որ ես կը տեսնեմ խօսքի ազատութեան պատասխանատուութիւնը 21-րդ դար մտած սփիւռքեան գոյավիճակին մէջ:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան