«Երկիր».-Սպահանի Հայոց Թեմին Թեմական Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ պատկան յանձնախումբին կազմակերպութեամբ` Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահէն ներս յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 28-րդ տարեդարձը:
«Նոր Ջուղա» ազգային առաջնորդարանի կայքը կը տեղեկացնէ, որ ձեռնարկին ներկայ էին` Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քեչեճեան, օրուան բանախօս` Հայաստանէն ժամանած քաղաքական գործիչ, տնտեսագէտ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան, ազգային մարմիններու, շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ միութիւններու, համայնքի ներկայացուցիչներ:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Իրանի Իսլ. ու Հայաստանի Հանրապետութիւններու օրհներգերու յոտնկայս ունկնդրութեամբ եւ հանդիսավարուհի Մեղրի Ղուկասեանի ողջոյնի խօսքով:
Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ Արծուիկ Մինասեան: Ան դրուատանքով արտայայտուեցաւ Նոր Ջուղայի մասին, որպէս ամենացայտուն հայրենասիրական մղումներով արտայայտուած եւ համահայկական նշանակութեան աշխատանքներու մէջ իր ներդրումը ունեցած համայնք:
Անցնելով բանախօսութեան բուն նիւթին եւ յայտնելով, որ 1918 թուականին ձեռք բերուած ՀՀ անկախութիւնը հիմք հանդիսացաւ 1991-ին ՀՀ անկախութեան վերականգնման համար, Մինասեան ըսաւ. «1991 թուականի անկախութեան յաջորդեցին հսկայածաւալ ռազմական գործողութիւններ Արցախեան ճակատէն ներս` Հայ Դատի հերթական փուլին, ուր դարձեալ մենք, որպէս ժողովուրդ, ազգ եւ միասնականութիւն, հաստատեցինք, թէ հայ ժողովուրդը, Հայաստանը եւ ամբողջ աշխարհը պէտք է իմանան` Արցախը հայկական է եւ Արցախի մէջ ապրող ժողովուրդը հայ ժողովուրդն է»:
Անդրադառնալով 90-ական թուականներու Հայաստանի ապազգային իշխանութեան ու պատկան գործողութիւններուն, որոնք աւարտեցան 1998 թուականի ընդվզումներով եւ ազգային ձգտում ունեցող ուժերու` իշխանութեան գլուխը անցնելով, բանախօսը կարեւոր համարեց այն փաստը, թէ ինչպէս անկէ ետքյ մեծ թիւով երկիրներ սկսան ճանչնալ հայութեան Արդար Դատը:
Արծուիկ Մինասեան, դիտել տուաւ, որ այսօր ներքին պառակտումը, թշնամանքը, ատելութիւնը եւ մեր ներսը դաւադիր ուժեր տեսնելու մոլուցքը եւ օտարի օրակարգով գործող իշխանականներու առկայութիւնը կը սպառնայ մեզ, կարեւորութեամբ շեշտեց. «Օտարածին օրակարգը կը սպառնայ մեր ազգային եւ աւանդական արժէքները, եկեղեցին, ընտանիքը, մշակոյթը ու լեզուն: Եթէ մենք այսօր միասնաբար «ոչ» չըսենք այս դրսեւորումներուն, վաղը փաստերու առջեւ պիտի կանգնինք: Եթէ մենք այսօր չպահանջենք վերջ տալ Հայաստանի ներքին թշնամանքին ու ատելութեան եւ մեր արժէքներուն հանդէպ ոտնձգութիւններուն, կրնանք կորսնցնել նաեւ այս պետականութիւնը»:
Բանախօսը իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ ըսաւ, որ կարեւոր է` մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս արթննայ ու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական պատասխանատուներէն պահանջէ ճիշդ մշակել ու ներգրաւել մեր համազգային նպատակները, նաեւ շեշտեց, որ ՀՅԴ կուսակցութիւնը, որպէս քաղաքական ուժ, պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի իղձերը արտայայտողը, որովհետեւ սնուցման աղբիւրը ազգն է եւ չի կրնար օտարէն սնուցանիլ: Ան շեշտեց նաեւ, որ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը կը նշանակէ, որ այսօրուընէ սկսեալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը միասնականօրէն պէտք է հետամուտ ըլլան հայ ժողովուրդի նպատակներուն ու ձգտումներուն եւ տէր կանգնին անկախութեան` իրենց երազանքներու պետութիւնն ու հայրենիքը կերտելու համար:
Այնուհետեւ ներկաներուն իր հայրական պատգամը ուղղեց Գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քեչէճեանը: Թեմակալ առաջնորդը, շնորհաւորելով սոյն առիթը ու օրուան բանախօսական ելոյթը ճշմարտութեան ակնոցով դիտուած հաշուետուութիւն համարելով, Հայաստանի իշխանութիւնը նմանցուց ընտանիքի ծնողներուն, իսկ ժողովրդը` զաւակներուն եւ ըսաւ, որ երբ ծնողները ինքնագիտակցութեամբ հաշուետուութեան կը կատարեն ու կը վերահաստատեն սէրը, յարգանքը, համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը, այդ տունը, այսինքն` հայրենիքը, զօրեղ պիտի ըլլայ, սակայն երբ ծնողները արտաքին միջամտութեամբ ու թելադրանքով կամ մենատիրութեամբ որեւէ սխալ ընթացքի մէջ մտնեն եւ չկրնան ընդունիլ երկրորդ կարծիք, այն ժամանակ այդ տունը դատապարտուած է կորուստի եւ քայքայման: Ան շեշտեց յատկապէս, որ Սպահանի Հայոց Թեմը պարտականութիւն ունի զօրավիգ կանգնելու ազգին ու հայրենիքին` իր արդար ուղին վերագտնելու համար:
Տօնախմբութեան գեղարուեստական մասը յագեցած էր ասմունքով, պարային բաժիններով եւ հայրենասիրական-ժողովրդական երգերու մեկնաբանութեամբ, որոնք իրականացուցին Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի` «Կռունկ» համոյթի կրտսեր պարախումբի, նոյն համոյթի ասմունքի խումբի անդամուհիներ` Լեռնիկ Ծատուրեան ու Ալինա Տէր-Սուքիասեան եւ Թեհրանէն ժամանած մեներգիչ Արմէն Փիլոսեան: Երգերու նուագակցութիւնը կատարեցին Ռաֆֆի Շահնազարեանն ու Էտմոնտ Ստեփանեանը: