«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ մէջ կը շարունակէ մեծ աղմուկ բարձրացնել «Ազգայնական Շարժում» Կուսակցութեան (MHP) նախագահ Տեւլեթ Պահչելիի մասին կատարուած գրառումը: Գրառումին հաւանութիւն տուած էր (Like) Թուրքիոյ ԱՄՆ-ի դեսպանատան Twitter-ի էջը, որ մեծապէս բարկացուցած էր երկրի քաղաքական ու իշխանական շրջանակները:
Խօսքը ընդդիմադիր թուրք լրագրողներէն մէկուն կատարած գրառման մասին էր, ուր ըսուած էր. «Թուրքիոյ ժողովուրդը պէտք է պատրաստ ըլլայ քաղաքական ժամանակաշրջանի մը, ուր Պահչելին պիտի չըլլայ»:
Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» Կուսակցութենէն (ԱԶԿ-AKP) ետք նիւթին արձագանգած է նաեւ ընդդիմադիր գլխաւոր ուժ համարուող քեմալական «Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութիւնը» (ԺՀԿ-CHP):

CHP-ի փոխնախագահ Մուհարրեմ Էրքեք ըսած է.
«ԱՄՆ-ի դեսպանատան կողմէ նման հրապարակման հաւանութեան արժանանալը անյարգալից վերաբերմունք է եւ անպատկառութիւն: Ճիշդ է, որ անոնք հետագային ընկերային ցանցի միջոցով ներողութիւն խնդրեցին, սակայն բաւարար չէ: Պէտք է դեսպանը Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն կանչեն եւ պարզեն պատճառը»:
Յիշուած է, թէ այս քայլով, ԱՄՆ կը միջամտէ Թուրքիոյ ներքին գործերուն: