Իրաքէն Արցախ՝ «Համագործակցութիւն Յանուն Արդարութեան եւ Խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովին մասնակցելու եկած պատուիրակները նախ հասած են Երեւան: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս 8 Հոկտեմբերին, անոնք ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու անմար ջահին դիմաց, ապա այցելած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:

Պատուիրակութեան ղեկավար՝ Իրաքի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան ըսաւ, որ վաղը պիտի մեկնին Էջմիածին, պիտի հանդիպին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ.-ին: Միւս օր արդէն պիտի մեկնին Ստեփանակերտ՝ 11 Հոկտեմբերին մասնակցելու համար Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպած համաժողովին:

Պատուիրակութեան կազմը կ’ընդգրկէ Իրաքի Պատմաբաններու Միութեան նախագահ, «ԻՒՆԵՍՔՕ-Իրաք» թերթի գլխաւոր խմբագիրը, դոկտոր Ճաւատ Քարմօ Պէրան, գրող, լրագրող Ֆիքրադ ալ Պաղտատ, ճարտարապետ, քաղաքական եւ անվտանգութեան ոլորտներու հետազօտող Մուտամետ ալ Ուքայլն եւ ազգութեամբ եզիտի՝ ցեղապետ Խալետ Տախիլ Սայիտ Համօ:
Մելքոն Մելքոնեանի խօսքին համաձայն, անոնք Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի անվտանգութեան եւ անկախութեան հարցերով միշտ նեցուկ կանգնած են Իրաքի Հայ Համայնքին: «Անոնք լայնախոհ, մարդասիրական արժէքներով օժտուած գործիչներ են, գիտեն հայոց պատմութիւնը, մեզի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած են միշտ», ըսաւ ան:

Յատկանշական է, որ Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անոնցմէ մէկը իր ազգանունին աւելցուց «եան» վերջածանցը:

Իրաքի հայ համայնքի իսկական թիւը 5-6 հազար է, ըսաւ Մելքոն Մելքոնեան: «Հայապահպանութիւնը հարց է, բայց ոչ միայն Իրաքի մէջ, այլեւ ամէնուր. Հայաստանի մէջ ալ խօսքի մէջ ռուսերէն, անգլերէն բառեր կը գործածեն, իսկ Իրաքի մէջ արաբերէն ու քրտերէն, նոյնիսկ գիւղեր կան, ուր հայերը ամբողջովին քրտախօս են», ըսաւ ան:

Մելքոնեանի խօսքին համաձայն, հայերը հոն կա՛մ իրենց սեփական գործը ունին, կա՛մ պետական աշխատանք՝ բժիշկներ, երկրաչափներ, դասախօսներ, արհեստաւորներ…:

Դէպի Հայաստան ներգաղթ կազմակերպելը ցանկալի կ’ըլլար բայց, Մելքոնեան կ’ըսէ, այն, ինչ կ’առաջարկուի Հայաստանի մէջ, Իրաքէն գաղթողներու համար յարմար չէ. «հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ չեն զբաղիր, սեփական գործարքներ բոլորը չեն կրնար բանալ: Հայաստանի մէջ, ըստ անոր, վիճակը կայուն չէ, այդ պատճառով սեփական գործարք չեն կրնար բանալ, պետական աշխատանք կամ գործարաններ պէտք են, որպէսզի կարենան աշխատիլ, տուն վարձել, ընտանիք պահել:
Իրաքի լարուած ժամանակներուն մէջ Հայաստան եկած 1000 իրաքահայերը չհաստատուեցան Հայաստան, մեծ մասը մեկնեցաւ Եւրոպա կամ ԱՄՆ: