Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 20109-ի երեկոյեան, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ թրքական ուժեր յարձակում գործեցին Հասիչէի հիւսիսարեւմտեան շրջանի Ռաս ուլ Այն եւ Ռաքքայի Թել Ապիատ աւաններուն ուղղութեամբ:

Նախօրօք, թրքական ուժեր հրթիռակոծեցին Հասիչէի Ճարուտիէ, Մալքիյէ, Թալ Ճիհան, Քահթանիէ, Սատ ալ Մանսուրա, Իսմաաիլիէ եւ Խրապ Ռըշըք գիւղերը:

Թրքական ուժեր, միեւնոյն ատեն, հրթիռակոծման կ՛ենթարկեն ՔԱՍԱՏ-ի ջոկատներուն կեդրոնները: