Սուր­իոյ հիւ­սիսարե­ւել­եան գօտի­էն իր ու­ժե­րը քա­շե­լու Ուա­շինկ­թը­նի որո­շու­մը, որ հրա­պա­րակ­ուե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի, 7 Հոկ­տեմ­բե­րին, եւ անոր իրա­կա­նաց­ման առա­ջին քայ­լերն ալ իրա­կա­նա­ցան շու­տով, սահ­մա­նա­յին քա­ղաք­նե­րու մէջ, ամէն բա­նէ առաջ հա­մա­զօր է Թուրք­իոյ ար­տօ­նու­թիւն տա­լու, որ շր­ջա­նի քիւր­տե­րուն դէմ ջար­դա­րար ար­շա­ւանք­նե­րու սկ­սի։ Փաս­տօ­րէն, Թուրք­իա եր­կար ատե­նէ ի վեր իրա­րա­յա­ջորդ սպառ­նա­լիք­ներ ուղ­ղած է քիւր­տե­րուն, զա­նոնք կը դա­սէ «ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­ներ», հե­տե­ւա­բար, կ’ու­զէ «Թուրք­իոյ ուղղ­ուած անոնց վտանգ­նե­րը չէ­զո­քաց­նել» Եփրատէն դէ­պի արե­ւելք տա­րա­ծուող գօտի­ին մէջ։

Նա­խա­գահ Թրամ­փի իսկ կող­մէ հաս­տատ­ուած որո­շու­մը հա­զար ու մէկ մեկ­նա­բա­նու­թեան դուռ բա­ցաւ Մի­ջին Արեւելքի մէջ ու աշ­խար­հի տա­րած­քին։ Թրամ­փի այն նկա­տո­ղու­թիւնը թէ «շա­հա­տուրք վճա­րող ամե­րիկ­եա­ցի­նե­րը այսու­հե­տեւ պէտք չու­նին կրե­լու քիւր­տե­րու մղած պայ­քա­րին նիւ­թա­կան բե­ռը», ըն­կալ­ուե­ցաւ իբ­րեւ սնա­մէջ պատճառա­բա­նու­թիւն եւ, առա­ջին հեր­թին, քիւր­տե­րը կռ­նա­կէն դա­շու­նա­հա­րե­լու արարք, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Սուրիոյ տագ­նա­պին պայ­թու­մէն աս­դին, այդ շր­ջա­նին մէջ քիւր­տե­րը եղած էին «իս­լա­մա­կան պե­տութ­եան» ահաբեկչական խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն դէմ կռուող գլ­խա­ւոր ու­ժը, եւ ըստ քր­տա­կան հա­ւաս­տիք­նե­րու՝ տուած են աւե­լի քան 10 հա­զար զոհ. տո­ղա­տա­կի յի­շե­ցում կը կա­տար­ուի, թէ Թուրք­իա այդ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նող գլ­խա­ւոր կողմն էր (Իտ­լի­պի եւ Քե­սա­պի դէպ­քերն ալ վկա­յե­ցին), եւ ահա, Ուա­շինկ­թըն կը դա­ւա­ճա­նէ այն ու­ժին, որուն տա­րի­ներ շա­րու­նակ նպաս­տած է «ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ». Փեն­թա­կո­նի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւնն ալ այն է, որ ամերիկ­եան ու­ժե­րը չեն ու­զեր մաս­նա­կից ըլ­լալ շր­ջա­նին մէջ հա­ւա­նա­կան բա­խում­նե­րուն, ակ­նար­կե­լով թուրք-քր­տա­կան պա­տե­րազ­մի մը. սա յա­ւել­եալ ապա­ցոյց է, որ Ուա­շինկ­թըն կը նա­խընտ­րէ ձեռ­նա­ծալ հան­դի­սա­տես մը դառ­նալ քիւրտերու դէմ թր­քա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն (արեւ­մուտք­ցի­նե­րու «մար­դա­սի­րու­թեան» մա­սին հին զան­գեր հնչեցնելով)։ Ան­շուշտ պահ մը մո­ռա­ցու­թեան կը տր­ուի, թէ Ուա­շինկ­թըն, անուղ­ղակի­օ­րէն նա­եւ Թուրք­իա քր­տա­կան նոյն ուժե­րը հրահ­րած էին Սուր­իոյ օրի­նա­կան իշ­խա­նու­թեան դէմ, անոնց խոս­տա­նա­լով ինք­նա­վա­րու­թիւն կամ նման կար­գա­վի­ճակ (քիչ խօս­ուած է, այ­սօր ալ չի խօս­ուիր, թէ շր­ջա­նին քա­րիւ­ղի հան­քե­րէն ո՛վ օգտ­ուե­ցաւ տագ­նա­պի սկսումէն աս­դին, եւ ահա, Թուրք­իոյ այդ դի­մակն ալ վար պի­տի գայ գործ­նա­պէս…)։

Բա­զում մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ այն է, որ ներ­քին ու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան էջե­րու վրայ ձա­խոր­դու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լէ ետք, Թրամ­փի վար­չա­խում­բը ձեւ մը կ’որո­նէ, «դիւա­նա­գի­տա­կան նուա­ճում» մը ձեռք բե­րե­լու հա­մար, շա­հա­տուրք վճա­րող­նե­րը ողո­քե­լով՝ որ նման քայլ ի շահ իրենց է։ Նման պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան սնան­կու­թիւնը ապա­ցու­ցե­լու փորձն իսկ աւե­լորդ է, ի տես պիւտ­ճ­է­ա­կան ահա­ւոր ու ան­տե­ղի մս­խում­նե­րու, բա­րե­կա­մին ու հա­կա­ռա­կոր­դին դէմ յա­ճախ ան­տե­ղի պատ­ժա­մի­ջոց­ներ ու առեւտ­րա­կան ար­գելք­ներ սահ­մա­նե­լու քայ­լե­րուն։ Դէպքերուն հե­տե­ւո­ղը դժ­ուա­րու­թիւն չ’ու­նե­նար եզ­րա­կաց­նե­լու, որ ամե­րիկ­եան ռազ­մա­վա­րու­թիւնն ու դիւանագիտութիւնը հա­սած են ձա­խա­ւե­րու­թեան այն­պի­սի աս­տի­ճա­նի մը, որուն ի տես, մարդ ան­վա­րան կը մտա­ծէ, թէ ամե­րիկ­եան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը միայն քան­դում ու աւեր կը պատ­ճա­ռեն, ան­կախ ան­կէ, թէ ու­ժեր տեղ մը մո՞ւտք կը գոր­ծեն, թէ՞ կը հե­ռա­նան որոշ գօտիէ մը։ Իրաքն ու Աֆ­ղա­նիս­տա­նը կը կազ­մեն նման հաս­տա­տու­մի մը ամէ­նէն արիւնալի եւ եր­կա­րա­շունչ օրի­նակ­նե­րը, շղ­թան կա­րե­լի է եր­կա­րել այլ եր­կիր­նե­րով…

Էր­տո­ղան, որ անձ­կու­թեամբ կը սպա­սէր Ուա­շինկ­թը­նի «կա­նաչ լոյս»ին, չծած­կեց իր գո­հու­նա­կու­թիւնը եւ յայ­տա­րա­րեց, որ թր­քա­կան ու­ժե­րը կր­նան որե­ւէ պա­հու մուտք գոր­ծել հիւ­սի­սա­յին Սուր­իա։ Ան նա­խա­պէս ակ­նար­կած էր, որ իր հողերուն վրայ ապաս­տան գտած միլի­ո­նա­ւոր սուր­ի­ա­ցի­ներ պի­տի տե­ղա­ւո­րէ քր­տա­կան գօտի­ին մէջ. նման քայլ բռնագաղթի բա­ցա­յայտ սպառ­նա­լիք է քիւր­տե­րուն։

ՄԱԿ-ի մէջ ստեղծ­ուե­ցաւ ահա­զան­գա­յին վի­ճակ եւ «յո­ռե­գոյ­նին պատ­րաստ­ուե­լու» տրա­մադ­րու­թիւն. խե­լա­միտ մարդիկ շա՛տ լաւ գի­տեն «զար­գա­ցած ու ժո­ղովր­դա­վար» Թուրք­իոյ ար­դի եա­թա­ղան­նե­րուն առա­քե­լու­թեան տարողութիւնը, փորձ­ուած՝ Իրա­քի թէ նոյ­նինքն Թուրք­իոյ հո­ղե­րուն վրայ, 80-ական տա­րի­նե­րէն աս­դին, նա­եւ ան­կէ շատ առաջ։ Ռուս­իա, Իրան եւ այլ եր­կիր­ներ բա­ցա­յայ­տօ­րէն զգու­շաց­ման հրա­ւէր ուղ­ղե­ցին, յի­շեց­նե­լով, որ Սուր­իոյ հողա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը պէտք է պահ­պան­ուի։ Դա­մաս­կոս բնա­կա­նա­բար կը կանգ­նի Սուր­իոյ հո­ղե­րու ամբողջակա­նու­թիւնը պահ­պա­նե­լու իր վա­ղե­մի դիր­քո­րոշ­ման վրայ, յի­շեց­նե­լով, որ «իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» դէմ իր բա­նա­կին տա­րած յաղ­թա­նակ­նե­րը պէտք չէ ան­տես­ուին ու լու­սանց­քայ­նաց­ուին։

Այս բո­լո­րէն ան­դին, թէ՛ քիւր­տե­րը եւ թէ թր­քա­կան ար­շա­ւան­քի մը վատ հե­տե­ւանք­նե­րով մտա­հոգ շր­ջա­նակ­ներ շեշտեցին այն մտա­վա­խու­թիւնը, թէ թր­քա­կան ու­ժե­րու հիւ­սի­սա­յին Սուր­իա մուտ­քը պի­տի վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ… «իսլամա­կան պե­տու­թեան» ահա­բեկ­չա­կան ու­ժե­րը, որոնք վեր­ջին շր­ջա­նին սկ­սած էին խամ­րիլ։

***

Սուր­իա­յէն իր ու­ժե­րը մաս­նա­կի թէ ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն հե­ռաց­նե­լու Ուա­շինկ­թը­նի որո­շու­մը իրո­ղա­պէս կը նշա­նա­կէ վերս­տին խառ­նել շր­ջա­նի խա­ղա­քար­տե­րը, սա­կայն նա­եւ կը նշա­նա­կէ բազ­մա­թիւ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րու քո­ղա­զեր­ծում, գի­ծեր՝ որոնք մշուշ­նե­րու ետին կը մնա­յին մէկ կող­մէ՝ Ուա­շինկ­թըն-Ան­գա­րա «տա­րա­կար­ծու­թեան», միւս կող­մէ՝ Մոսկուա-Ան­գա­րա «սի­րա­բա­նու­թեան», եր­րորդ գի­ծի մը վրայ, Թուրք­իա-Իս­րա­յէլ հա­կադ­րու­թեանց ար­ծար­ծու­մով. եւ այս­պէս՝ շա­րու­նա­կա­բար։ Առանձ­նաց­նենք մէկ քա­նին։

– Ռուս­իա­յէն արդ­ի­ա­կան հր­թիռ­ներ ձեռք բե­րե­լու Թուրք­իոյ քայ­լը (իբ­րեւ թէ) դժ­գո­հան­քով դիտ­ուե­ցաւ Ուա­շինկ­թը­նի կող­մէ, մին­չեւ ան­գամ քո­ղարկ­ուած սպառ­նա­լիք­ներ փո­խա­նակ­ուե­ցան, եւ ահա, «տա­րա­կար­ծու­թեան» վրա­յէն քո­ղը կը վերց­ուի եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւնը կը բա­ցա­յայտ­ուի։ Գաղտ­նիք չէ, թէ վեր­ջին շր­ջա­նին, Թուրք­իոյ եւ Մի­աց­եալ Նահանգներու պաշտ­պա­նութ­եան նա­խա­րա­րու­թեանց մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ու հա­մա­կար­գու­մի քայ­լեր առն­ուած են, ճամ­բայ հար­թե­լով «մի­ջա­մուխ չըլ­լա­լու» ամե­րիկ­եան այս որո­շու­մին առ­ջեւ։

– Յս­տակ չէ, թէ Մոսկ­ուա ի՞նչ չա­փով կառ­չած պի­տի մնայ «Սուր­իոյ հո­ղե­րուն ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման» իր յանձ­նա­ռու­թեան. տագ­նա­պի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ռու­սա­կան կող­մը զօ­րա­կից եղաւ ու կը մնայ Դա­մաս­կո­սի՝ մասնաւո­րա­բար ահա­բեկ­չա­կան-խա­փա­նա­րա­րա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րու սան­ձու­մի անոր ճա­կա­տում­նե­րուն մէջ, առաւե­լա­բար մեկ­նե­լով շր­ջա­նին մէջ իր յե­նա­րա­նը պահ­պա­նե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մէն, սա­կայն թր­քա­կան մի­ջամ­տու­թիւնը տար­բեր ոլորտ է։ Հոն պէտք է որո­նել շր­ջա­նին մէջ մի­ջազ­գա­յին շա­հե­րու մր­ցակ­ցու­թեան-ներ­դաշ­նա­կու­թեան գործօնները, առանց ան­տե­սե­լու… սահ­ման­ներ չճանչ­ցող զէն­քի ճար­տա­րար­ուես­տի գոր­ծա­կա­տար­նե­րը, եւ ահա ան­գամ մը եւս Թուրք­իոյ կը վե­րա­պահ­ուի «հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծա­կա­տար»ի դեր. առե­րե­ւոյթ, Թուրք­իա կ’աշ­խա­տի հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լալ թէ՛ ՆԱ­ԹՕ-ի իր զի­նա­կից­նե­րուն եւ թէ իրեն զէնք տրա­մադ­րող Ռուս­իոյ։ Արդ­եօք այս բո­լո­րին մէջ ան­լու­ծե­լի խառնի­ճա­ղա՞նճ պէտք է տես­նել, թէ՞… դի­մակ­ներ վար առ­նե­լու իրա­կա­նու­թիւն։

– Թր­քա­կան «բա­րե­միտ մի­ջամ­տու­թիւնը», իբ­րեւ թէ ան­ջա­տո­ղա­կան քիւր­տե­րուն դէմ Սուր­իոյ զօ­րա­կից ըլ­լա­լու դիտաւո­րու­թեամբ, այն­քան կեղծ է, որ­քան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նի թր­քա­կան խա­ղե­րը։ Թուրք­իա չէ մոռ­ցած, որ ինք ժա­մա­նակ մը կայս­րու­թիւն էր, մէկ յա­ռա­ջա­պահ գե­տի­նը՝ արեւմտ­եան շահերուն, որոնք այ­սօր նոր ձե­ւա­ւո­րում կը ստա­նան Արե­ւելք-Արեւ­մուտք «կամր­ջում­նե­րու» ճամ­բով։ Ան­գա­րա Սուրիան, Իրաքն ու այլ եր­կիր­ներ մին­չեւ այ­սօր ալ կը սե­պէ կայ­սե­րա­կան Թուրք­իա­յէն իրեն հա­սած ժա­ռան­գու­թիւն. աւե­լի քան տաս­նամ­եակ մը առաջ կուլ տուաւ 1939-էն ետք «անո­րո­շու­թեան մատն­ուած», բայց իրո­ղա­պէս իր հո­ղե­րուն կց­ուած Ալեք­սանտ­րէ­թը, այ­սօր իր հին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը հե­տապն­դե­լու հա­մար գործ­նա­կան քա­ջա­լե­րանք կը գտ­նէ… Երու­սա­ղէ­մը մայ­րա­քա­ղաք հռ­չա­կե­լու եւ Կո­լա­նը կցե­լու Իս­րա­յէ­լի քայ­լե­րուն տր­ուած հա­ւա­նու­թեամբ, որոնց կր­նան հետե­ւիլ, այ­լա­պէս, պա­ղես­տին­եան նոր հո­ղա­մա­սեր բռ­նակ­ցե­լու քայ­լեր։ Ի վեր­ջոյ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն ու անոր դաշ­նա­կից­նե­րուն գոր­ծա­կա­տա­րը ըլ­լա­լը նման վար­ձատ­րու­թիւն­նե­րու յա­ւակ­նու­թիւն կ’ըն­ծա­յէ թէ՛ Թուրք­իոյ եւ թէ Իսրա­յէ­լի…

– Քիւր­տե­րը բնա­կա­նա­բար իրենք զի­րենք կը գտ­նեն բազ­մա­թիւ կող­մե­րէ դա­ւա­ճա­նու­թեան են­թա­կա­յի կա­ցու­թեան մէջ։ Անոնք հի­մա կը զգան ամե­րի­կա­ցի­նե­րու եւ այ­լոց «բա­րե­կա­մու­թեան» խայ­թո­ցը, որ իրենց պի­տի հաս­նի թր­քա­կան հաւա­նա­կան ար­շա­ւան­քի մը ճամ­բով, եւ լուռ օրհ­նու­թեամ­բը դաշ­նա­կից-թշ­մա­նի­նե­րու։ Իրո­ղա­պէս, Ուա­շինկ­թըն որդեգրած կ’ըլ­լայ քր­տա­կան ու­ժե­րը «ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­ներ» նկա­տե­լու Ան­գա­րա­յի վար­քա­գի­ծը, հետեւաբար, քր­տա­կան իրա­ւունք­նե­րու եւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու թղ­թած­րա­րը շու­տով կր­նայ իյ­նալ «ահա­բեկ­չու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քար»ի թի­րախ դառ­նա­լու վտան­գին տակ։ Թէ ինչ­պի­սի՞ տա­րո­ղու­թիւն ու հե­տե­ւանք կր­նան ունենալ թր­քա­կան բա­նակ-քր­տա­կան ու­ժեր ճա­կա­տում­նե­րը, ցոյց պի­տի տայ ժա­մա­նա­կը (պէտք չէ ան­տե­սել այն հաւա­նա­կա­նու­թիւնը, որ թր­քա­կան ծա­ւա­լու­մի մը ընդ­դի­մա­դիր կող­մեր նե­ցուկ կանգ­նին քր­տա­կան ու­ժե­րուն եւ Թուրքի­ան մատ­նեն այն­պի­սի կա­ցու­թեան մը, որ Լի­բա­նա­նի մէջ Իս­րա­յէ­լի բա­ժին հան­ուե­ցաւ 2006-ի պա­տե­րազ­մին)։ Հոս բաղ­ձանք­ներն ու ցան­կու­թիւն­նե­րը տեղ պի­տի չու­նե­նան ան­շուշտ, այլ պի­տի երե­ւի բիրտ իրա­կա­նու­թիւնը, որ, յամե­նայն­դէպս, սպառ­նա­կան սլաք­ներ կ’ուղ­ղէ խնդ­րոյ առար­կայ գօտի­էն ան­դին, մա­նա­ւանդ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով Ծո­ցի շր­ջա­նի նո­րա­գոյն իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը…։ Իսկ թէ ի՞նչ զար­գա­ցում կր­նայ ար­ձա­նագր­ուիլ քիւր­տե­րուն եւ Սուր­իոյ իշ­խա­նու­թեանց մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ոլոր­տին մէջ, հոն ալ կայ բաց բեմ մը։ Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, քիւր­տե­րուն եւ բոլոր նման­նե­րուն հա­մար յս­տակ կը դառ­նայ, որ «ամե­րի­կա­ցի դաշ­նա­կի­ցը», որե­ւէ այլ «դաշ­նա­կից»ի պէս, կը շար­ժի առա­ւե­լա­բար իր սե­փա­կան հա­շիւ­նե­րով, անոնց ստեղ­ծած դրա­կան հո­վե­րը օր մըն ալ կր­նան վե­րած­ուիլ վտան­գա­լից փո­թո­րիկ­նե­րու, ինչ­պի­սին է թր­քա­կան մի­ջամ­տու­թեան մը դի­մաց բաց­ուած «կա­նաչ լոյս»ը։ Սե­փա­կան ու­ժին յե­նա­րա­նը եւ «թշ­նամի­իս թշ­նա­մին բա­րե­կամս» նկա­տե­լու վա­ղե­մի իմաս­տու­թիւնը սա­կա­րա­նի բարձ­րա­ցում պի­տի ապ­րի։

Սարգիս Մահսերէճեան