ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ թրքական ուժերուն կատարած յարձակումները` նկատել տալով, որ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւնները կը խախտեն Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ ճամբայ կը հարթեն արաբական պետութեան բռնագրաւման:

Թրքական իշխանութիւնները այս գործողութիւններուն ընդմէջէն անգամ մը եւս ամբողջ աշխարհին կը փաստեն, որ Թուրքիա Օսմանեան կայսրութեան օրինական ժառանգորդն է եւ կ՛իրագործէ բռնագրաւումի եւ տիրապետութեան նոյն տրամաբանութիւնը շրջանին մէջ, եւ չի յարգեր արաբական երկիրներուն սահմանները:

Այն ինչ որ կը պատահի այսօր, մեզ 100 տարի ետ կը տանի, դէպի այն մութ տարիները, որոնք ապրած են արաբական ժողովուրդները Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն միասնութեան կոչ կ՛ուղղէ արաբական երկիրներուն եւ շրջանի ժողովուրդներուն` աջակցելու իրենց գոյութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ թոյլ չտալու Թուրքիոյ, որ պարտադրէ նոր հաւասարակշռութիւններ եւ օրակարգեր, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ բախումներու պատճառ կը դառնան: