Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտնեց, որ Արցախին սատարողները անոր շուրջ համախմբելու գաղափարը 2 տարի առաջ ծնաւ, եւ այդ առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին եւ բարերարին` համաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելնուն համար: Մայիլեան համաժողովի մասնակից տարբեր երկիրներու պատուիրակներուն երախտագիտութիւն յայտնեց` դժուար օրերուն Արցախի կողքին ըլլալնուն եւ Արցախի զարգացման նպաստելնուն համար` հաստատելով, որ այսպիսով այսօր շրջանին մէջ ապագայ խաղաղութեան հիմքեր կը դրուին։
«Երախտապարտ ենք, որ աջակցած էք արցախահայութեան` ազատութեան եւ արդարութեան ձգտումին, որ կը նպաստէք Արցախի միջազգային յարաբերութիւններուն զարգացման: Արցախի ճակատագիրին մէջ ունեցած ձեր աւանդը անգնահատելի է: Եւ այսօր, զարգացնելով համագործակցութիւնը, մենք շրջանին մէջ ապագայ խաղաղութեան հիմքերը կը դնենք:
«Ես անկեղծօրէն կը հաւատամ մեր համագործակցութեան հեռանկարներուն, քանզի անոր հիմք դրուած է ընդհանուր արժեհամակարգի նկատմամբ հաւատարմութիւնը, ուր առանցքային դեր կը խաղան ազատութեան, հաւասարութեան, մարդու իրաւունքներու իտէալները, ինչպէս նաեւ ձգտումը դէպի արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ զարգացում: Այսօր մենք հոս հաւաքուած ենք, որպէսզի գնահատենք մեր համագործակցութեան ներկայ ընթացքը, միտքեր եւ նոր գաղափարներ փոխանակենք` փոխգործակցութեան զարգացման ուղիներուն շուրջ: Յոյսով եմ, որ այսօրուան քննարկումներուն շնորհիւ կը ստեղծենք մշտապէս գործող հարթակ` նոր առաջարկներու քննարկման եւ իրագործման համար», յայտնեց ան:
Ամփոփելով` Մայիլեան վստահութիւն յայտնեց, որ համաժողովը միջազգային հանրութեան ուղղուած ազդակ պիտի դառնայ այն առումով, որ Արցախի մեկուսացումն ու անոր քաղաքացիները միջազգային համագործակցութեան կարելիութիւններէն զրկելը անթոյլատրելի է: «Մեր խորին համոզումով` մեկուսացումը պատերազմի շարունակումն է, մինչդեռ համագործակցութիւնը խաղաղութեան հիմքն է: Եւ բոլորիս ընդհանուր խնդիրն է աշխատանք տանիլ այս հիմքի ամրապնդման ուղղութեամբ` յանուն ամբողջ շրջանի խաղաղ ապագայի», շեշտեց ան:
Տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները պիտի մեկնին քոյր քաղաքներ, հանդիպում ունենան տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ, տեսակցութիւններ պիտի կազմակերպուին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին, պետական նախարարին, Ազգային ժողովի խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերուն հետ: Անոնք նաեւ պիտի այցելեն ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն, եկեղեցի եւ այլն: