Նոպէլեան մրցանակը շուէտական բարձրակարգ մրցանակ մըն է, որ հիմնուած է 1895-ին, Ալֆրետ Նոպէլի նախաձեռնութեամբ:
Ալֆրետ Նոպէլ (1833-1895) մասնագիտութեամբ քիմիագէտ եւ ճարտարապետ էր: Կատարած էր մօտ 355 գիւտ, որմէ ամենայայտնին ուժանակն է (տինամիթ): 1888-ին ֆրանսացի լրագրողներ թիւրիմացաբար, սխալ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով կը յայտարարեն Նոպէլի մահուան մասին: Նոպէլը թերթին մէջ կը կարդայ իր մահախօսականը, հետեւեալ վերնագրով՝ «Մահ վաճառողը մահացած է»: Այս դէպքը պատճառ կը դառնայ, որ ան մտածէ, թէ մահանալէ ետք մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի յիշեն զինք եւ այս իսկ պատճառով ան կը փոխէ իր կտակը:
Կտակին մէջ մասնաւոր կը թելադրէր, որ մահէն ետք իր ունեցած շարժական եւ անշարժ գոյքերը փոխարկուին գումարային արժէքի, զետեղուին դրամատան մէջ եւ անոր տոկոսները բաշխուին մարդկութեան տուեալ տարուան մէջ մեծ օգուտ բերող գիտնականներուն կամ կազմակերպութիւններուն: Յատուկ ցանկութեամբ յիշուած է նաեւ, որ մրցանակը պէտք է բաշխուի առանց ազգային խտրութեան:
1897-ին Նոպէլի կտակը հրապարակուեցաւ, հաստատուեցաւ դատարանի կողմէ եւ 1900-ին ստեղծուեցաւ Նոպէլեան հիմնադրամը, որուն կանոնակարգը հաստատուեցաւ Շուէտի արքայ Օսկար Բ.-ի Կողմէ:
Հիմնադրամի կանոններէն կը յիշենք.
Ա- Բոլոր մրցանակները նախատեսուած են անհատներու համար, բացի խաղաղութեան մրցանակէն, որ կարելի է շնորհել նաեւ կազմակերպութիւններու:
Բ-Մրցանակը չի շնորհուիր յետ մահու, կը բացառուի այն պարագային, երբ յանձնաժողովի կողմէ ընտրուած յաղթողը կը մահանայ մրցանակաբաշխութենէն կարճ ժամանակ առաջ:
Գ- Եթէ տուեալ տարին գիտութեան բնագաւառներէն մէկուն մէջ յանձնաժողովը արժանաւոր թեկնածու չի գտներ՝ այդ տարի պարգեւը չի յանձնուիր եւ գումարը կը փոխանցուի յաջորդ տարուան ֆոնտին:
 Նոպէլեան մրցանակաբաշխութիւնը սկիզբ առած է 1901-ին: Մրցանակը կը շնորհուի հետեւեալ ասպարէզներու մէջ լաւագոյն ստեղծագործութեան հեղինակին.
-Խաղաղութիւն
-Գրականութիւն
-Բնագիտութիւն
-Քիմիագիտութիւն
-Բժշկութիւն
1968-էն սկսեալ այս շարքին աւելցած է նաեւ տնտեսագիտական մրցանակը:
Ի՞նչ պարգեւներ կը ստանան Նոպէլեան մրցանակակիրները.
Ա-նոպէլեան մրցանակակիրի վկայագիր, որ պատրաստուած կ’ըլլայ յատուկ պատուէրով, նկարազարդուած միջնադարեան ձեռագիրով՝ շուէտացի եւ նորուեկիացի լաւագոյն մասնագէտներու կողմէ:
Բ- Նոպէլեան յուշամետալ, զետեղուած կաշիէ տուփի մէջ, պատրաս- տուած 18 քարատ կանաչ ոսկիէ եւ ծածկուած 24 քարատ յարգի ոսկի շերտով: Մետալին մէկ կողմը Ալֆրետ Նոպէլի դիմապատկերն է, ծննդեան եւ մահուան թուականները լատինատառ գրուած: Մետալի եզրին մակերեւոյթին դրոշմուած է զայն ստացողին անունը:
Գ- Նիւթական մրցանակ: Ալֆրետ Նոպէլի կտակած դրամագլուխը այժմ վերածուած է 255 մլն. ամ. տոլարի: 2014-ին իւրաքանչիւր մրցանակակիրի նիւթական պարգեւը եղած է 1,2 մլն. ամ. տոլար:
Նոպէլեան մրցանակաբաշխութիւնը հարուստ է նաեւ աւանդոյթներով: Այսպէս՝ աւանդական դարձած է Նոպէլեան դասական համերգն ու ընթրիքը (յատուկ պատուէրով 1.6 մլն. տոլար արժողութեամբ սպասով): Սրահը զարդարուած՝ Նոպէլի մահուան վայրէն՝ Սան-Ռեմոյէն ուղարկուած 23.000 վարդերով:
Մասնագէտներու դատակազմին, բոլոր անդամները շուէտացիներ են: Դատակազմը կը հաւաքուի Հոկտեմբեր ամսուան մէջ՝ որոշելու համար իւրաքանչիւր մարզի դափնեկիրներուն անունները:
Մրցանակներուն յանձնումի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Սթոքհոլմի մէջ, ամէն տարի 10 Դեկտեմբերին, Ալֆրետ Նոպէլի մահուան թուականին:
Նոպէլեան Թանգարան
Կը գտնուի կեդրոնական Սթոքհոլմի հին քաղաքի Սթուրդորետ հրապարակի հիւսիսային կողմը: Նոյն շէնքին մէջ կը գտնուին նաեւ շուէտական ակադեմիան եւ Նոպէլի գրադարանը: Նոպէլեան թանգարանին մէջ կը պահուին տեղեկութիւններ Նոպէլեան մրցանակի եւ Նոպէլեան մրցանակակիրներու, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ մրցանակի հիմնադիրին՝ Ալֆրետ Նոպէլի մասին: Թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մէջ ներառուած են Նոպէլեան դափնեկիրներու կողմէ նուիրաբերուած նմուշներ, որոնք ներկայացուած են անոնց կենսագրութիւններուն հետ: