Անդրադարձ մը կատարենք յղի կիներու սնունդին։ Ի՞նչ արտօնուած կամ արգիլուած է ուտել անոնց եւ ինչպէ՞ս իրենց մարմինը առողջ կրնան պահել։
Յղի իւրաքանչիւր կնոջ մարմնին բնոյթը կը տարբերի ուրիշէն, իսկ թէ որքան արտօնուած է գիրնալ կամ նիհարնալ կախեալ է անոր հասակէն եւ յղութենէն առաջ ունեցած ծանրութենէն։ Այս միջինը կարելի է հաշուել BMI-ով, այսինքն՝ Body Mass Index-ով, անշուշտ եթէ ենթական մարզիկ կամ մկանոտ չէ։
Այն կիները, որոնց ծանրութիւնը յղութենէն առաջ բնականէն նուազ է, այսինքն BMI-ը իրենց մօտ 18,5-էն նուազ է, կրնան յղութեան ընթացքին12-18 քիլօ յաւելեալ ծանրութիւն ունենալ։ Անոնք, որոնք բնական ծանրութիւն ունեցած են, կրնան 11-16 քիլօ յաւելեալ ծանրութիւն կրել։ Իսկ անոնք, որոնք բնականէն քիչ մը աւելի գէր եղած են, կրնան 7-11 քիլօ ծանրութեան յաւելում ունենալ։ Մինչդեռ նախքան յղութիւնը գիրութենէ տառապողները, կրնան միայն 5-9 քիլօ գիրնալ։
Ջերմուժի պարագային, յղութեան առաջին 3 ամիսը՝ յղին եւ ոչ-յղին պէտք է նոյնքան ջերմուժ ստանան։ Բնական ծանրութիւն ունեցող յղի կինը առաջին 3 ամիսը պէտք ունի մօտաւորապէս 2200-էն 2500 ջերմուժի, այնպէս ինչպէս ոչ-յղին։ 3 ամիսէն ետք, 2200-ին վրայ կարելի է աւելցնել 300-էն 350 ջերմուժ, իսկ վերջին 3 ամիսը՝ 2500-2550-ին վրայ կարելի է աւելցնել 400 ջերմուժ։ Այսինքն՝ յղութեան շրջանին որեւէ կին 3000-3100 ջերմուժէն աւելիին կարիք չունի։
Ան անուշեղէնն ու տուրմը քիչ քանակով պէտք է ուտէ, նոյնպէս տուփեղէն միսի տեսակները, որովհետեւ անոնք կը պարունակեն մանրէ մը, որ կը կոչուի Listeria։ Այս մանրէն կրնայ գերյոգնութեան եւ սաղմին վիժումին պատճառ կը դառնալ, մանաւանդ յղութեան առաջին 3 ամիսներուն։ Նախընտրելի է հեռու մնալ նաեւ մայոնէզէն, որ salmonella կոչուած մանրէն կը պարունակէ, որ կրնայ թունաւորել յղի կինը եւ սաղմը։
Շատ ուշադիր պէտք է ըլլալ բոլոր այն ուտելիքներուն նկատմամբ, որոնք կը պարունակեն հում հաւկիթ, որովհետեւ ան կը պարունակէ sallmonella մանրէն։ Ձկնեղէնին մէջ կը գտնուի omega 3-ն, որ օգտակար ճարպի տեսակ է եւ կարեւոր է սաղմի ուղեղի աճումին։ Կանաչ տերեւով բոյսերը (շոմինը, բանճարը, ծաղկակաղամբը) կը պարունակեն folic acid, որ շատ կարեւոր է յղութեան առաջին 3 ամիսներուն։ Բանջարեղէնը ուտելէն առաջ, սակայն, պէտք է լաւապէս լուալ։
Պտուղները նոյնպէս շատ կարեւոր են, որովհետեւ հարուստ են բնաթելերով եւ կենսանիւթերով։
Անհրաժեշտ է նաեւ կաթնեղէնի օգտագործումը յղութեան ընթացքին, որովհետեւ ան կը պարունակէ մեծ քանակով կրածին։ Անհրաժեշտ է օրական առնուազն 3 գաւաթ կաթ խմել եւ մածուն ու պանիր ուտել, բայց կաթնեղէնը պէտք չէ ուտել երկաթ պարունակող ուտելիքներու հետ, որպէսզի կրածինը չազդէ երկաթի ներծծման վրայ, մանաւանդ եթէ երկաթը բուսական աղբիւրէ կու գայ, ինչպէս օրինակ՝ կանաչեղէնէ։
Յղութեան ընթացքին կարեւոր են հետեւեալ կենսանիւթերն ու հանքային մետաղները՝ երկաթ, folic Acid-ը, կրածին, Օmega-3, Zinc, B12 եւ Colin։ Վերջինս կը գտնուի հաւկիթին մէջ եւ շատ կարեւոր է սաղմի ուղեղին եւ ողնաշարին աճման համար։
B12-ին նուազումը վնասակար է յղի կնոջ, որովհետեւ կը պատճառէ յոգնութիւն, արեան տկարութիւն եւ պնդութիւն։ Այս կենսանիւթը կը գտնուի միսին եւ ձուկին մէջ։
ՈՐՔԱ՞Ն ԵՒ Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՅՂԻ ԿՆՈՋ ՍՆՈՒՆԴԸ
Յղի կիները յղութեան առաջին 3 ամիսները օրական 3 անգամ կաթնեղէն պէտք է օգտագործեն իրենց սնունդին մէջ։ 3 ամիս ետք 3-4 անգամի պէտք է վերածել անոր օգտագործումը։
Կանաչեղէնի պարագային օրական պէտք է օգտագործեն 3-5 անգամ, մանաւանդ գոց կանաչ տերեւներով կանաչեղէնը, որովհետեւ ան կը պարունակէ folic acid։
Պտուղը պէտք է օգտագործել օրական 2-3 անգամ, իսկ 4-րդ ամիսէն պէտք է աւելցնել պտուղներուն տեսակը։
Ածխաջրեր պարունակող սնունդը՝ օրական 180 կրամ, այսինքն՝ 7-11 անգամ։ Անոր կէսը պէտք կþըլլայ ամբողջական հացահատիկներու օգտագործումով, այսինքն՝ մութ գոյնով հացի, բրինձի եւ մաքարոնի օգտագործումով։ Յղի կինը օրական 60 կրամ սպիտակուցի կարիք ունի։ Սպիտակուցը կրնայ ստանալ մսա-մթերքէն, հաւկիթէն եւ կարգ մը ընդեղէններէն։
Պնդութեան պարագային պէտք է .
– Բաւարար չափով ջուր խմել՝ օրական 8 գաւաթ։
– Պտուղ, կանաչեղէն եւ չիր ուտել։
– Քալել եւ թեթեւ մարմնամարզի հետեւիլ։
Իսկ սրտխառնուքի պարագային կարելի է ուտել աղի կրկնեփուկներ եւ կարելի եղածին չափ քիչ օգտագործել թէյը, սուրճը, որովհետեւ caffeine-ը կþաւելցնէ սրտխառնուքը։
Շաղիկ Գաբրիէլեան