Ա՜խ, ափսո՜ս, մե՛ր կեանքին, երբ մանաւանդ մե՛ր գաղութին մէջ կը պատերազմին աթոռի եւ պաշտօնի սիրոյն։
Ե՞րբ մենք՝ հայերս, պիտի ձերբազատինք ցուցամոլութենէն ու արտաքին երեւոյթներու կապանքէն, անցնելով ներքին, լուրջ աշխատանքներու։
Սիրելինե՛ր, մեր ծառայութեան նպատակը թող չըլլայ ցուցադրութիւնը, չծառայենք պաշտօն ստանալու համար։ Արժեւորենք կամաւոր աշխատանքը, սորվինք ծառայել առանց ակնկալութեան եւ քաջալերենք ուրիշները, որպէսզի շրջեն իրենց մտածելակերպը։ Ոմանք ամէն միջոց ի գործ կը դնեն, որպէսզի պահեն իրենց աթոռը եւ իրենց պաշտօնը։
Պաշտօն մը ստանալը բեռ մը կ’աւելցնէ կեանքիդ։ Պատասխանատուութիւն ստանձնելով ազգիդ պիտի յատկացնես ժամերդ եւ հանգստանալու փոխարէն կամաւորաբար պիտի ծառայես։
Բայց մենք կը չարաշահենք մեր դիրքն ու պաշտօնը՝ ապահովելու մեր անձնական հանգստութիւնը։ Տակաւին մեր աթոռը կը փոխանցենք մեր զաւակներուն, որպէսզի շարունակեն չարաշահել զայն՝ թագաւորական գահի մը նման։
Նոր սերունդին մասին երբ խօսինք, կ’ըսենք, թէ ան անտարբեր է, մոռնալով, որ այդ անտարբերութիւնը մեր գործերուն հետեւանքով կը յառաջանայ յաճախ։
Ուրեմն ճիգ թափենք սրբագրելու այսպիսի յոռի երեւոյթներ։ Չաշխատինք պաշտօնի հասնելու համար, այլ՝ ծառայելու եւ մեր հաւաքական կեանքը բարելաւելու համար։
Այսպիսով, ձեռք-ձեռքի տալով, արագօրէն զարգացող ու ջերմ միջավայր մը կը ստեղծենք։
Արման Տէր Պետրոսեան
Ժ. կարգ
Ագզ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան