Կը սիրեմ արդարութիւն տեսնել ամէն բանի մէջ։ Յաճախ կը մտածեմ՝ արդեօ՞ք արդարութիւն հաստատելը դժուար է, թէ՞ անարդարօրէն գործելը վարժութիւն դարձած է։
Արդարութիւնը շատ կարեւոր ազդակ է երջանիկ ապրելու համար, բայց ներկայիս անարդարութիւն կը տիրէ մեր չորս դին։ Գիտէ՞ք ինչն է ցաւալին։ Այն, որ ո՛չ ոք կը դժգոհի այս «սովորական» երեւոյթէն։
Անարդարութեան ծնունդ տուող երեւոյթներէն մէկը կարգ մը մարդոց սանձարձակ գործելաոճն է։ Անոնք, առանց մտածելու այլոց մասին, ամէն գնով կը ձգտին իրենց շահը ապահովելու, երբեմն ոտնակոխ դարձնելով ուրիշին իրաւունքն ու վարկը։
Ազատութիւնը սանձարձակութիւն չի նշանակեր։
Ոմանք, սակայն, անարդարութեամբ, նոյնիսկ երբեմն չարիք գործելով տիրող ուժ կը դառնան։ Այս երեւոյթը կ’ընդհանրանայ այլ պատճառով մըն ալ՝ արդար մարդոց լուռ մնալով։
Ինչո՞ւ թոյլ տանք ուրեմն, որ անարդարութիւնը տիրէ։ Ինչո՞ւ լռենք, տատամսինք եւ վախնանք արդարութիւնը պաշտպանելէ։
Կալին Պալապանեան
Ժ. կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան