«Ապառաժ».- 11-12 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան միասնական կազմակերպումով տեղի ունեցած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովին մասնակցած է նաեւ Իրաքցի գրող, Իրաքի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Ազգային Կոմիտէի անդամ Ճաւատ ալ Պայտհանը:

«Ապառաժ»ի հետ զրոյցի ընթացքին հայ ժողովուրդի իրաքցի բարեկամը յայտնած է, որ մինչեւ Արցախ գալը կը կարծէր, որ այստեղ իրավիճակը Իրաքի նման անկայուն է: «Կը կարծէի, որ Իրաքի ու Արցախի դրութիւնը նման է, այն իմաստով, որ տակաւին վերջնական խաղաղութիւն չէ հաստատուած ու պատերազմական շրջանի մէջ ենք, բայց ականտես եղայ բոլորովին ուրիշ իրականութեան, տեսայ ապահովութիւն եւ քաղաքական համերաշխութիւն: Երկիրներ ստեղծելու եւ պահելու օրէնքներ կան, որոնք Արցախի պարագային առկայ են», ըսած  է Ճաւատ Ալ-Պայտհան:

Ան տեղեկացուցած է, որ շատ  գրած է Արցախի մասին, իսկ այցելութենէն յետոյ ուրիշ տեսանկիւնէ, ուրիշ ոգիով պիտի գրէ. «Իմ սիրտը ձեզի հետ է եւ ձեր հարցը նաեւ իմ հարցն է»:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ հայկական մշակութային կոթողներու ոչնչացման քաղաքականութեան, ան ըսած է, որ թուրքերը, ատրպէյճանցիները նոյն իսլամական ահաբեկիչներն են` «Նոյն մտածելակերպով, տարբեր հագուստներով մարդիկ են: Անոնք բոլոր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու թշնամին են»: «Անոնք ո՛չ գիտութիւն եւ ոչ ալ մշակոյթ ունին: Մեր մշակոյթը 5000 տարուան պատմութիւն ունի: Հայ պատմաբանները գրած են, որ Հայկ Նահապետը ծնած  է Իրաքի Բաբելոն քաղաքին մէջ, մենք եղբայրներ եւ քոյրեր ենք, որովհետեւ մեր զարգացումը ձեր հողերէն կու գայ», աւելցուցած է Իրաքի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Ազգային Կոմիտէի անդամ Ճաւատ Ալ-Պայտհան: