Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր , 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Դամասկոսի «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Ս.Թարգմանչաց տօնը, ներկայութեամբ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Ազգ. Միացեալ վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներու եւ մեծաթիւ դամասկահայերու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ վեր առաւ գիրերու գիւտին կարեւորութիւնը, ապա նաեւ Համազգայինի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ մշակութային պահպանման գործընթացին մէջ: Այնուհետեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին Ազգ. Միացեալ վարժարանի Դ. եւ Ը. կարգերու խումբ մը աշակերտներ, որոնք մեծ եռանդով, դասարան առ դասարան, ներկայացուցին իրենց սորված Մեսրոպաշունչ արտասանութիւնները , ապա երկու խմբային երգեր՝ մեծապէս ոգեւորելով ներկաները:

Օրուան պատգամաբերն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի միաբաններէն Հոգշ. Տ.Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան՝ տնօրէն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու: Հայր Սուրբը համապարփակ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրերու գիւտին պատմականը եւ թարգմանչաց վարդապետներուն յիշատակման արժէքն ու խորհուրդը մեր կեանքէն ներս, խրախուսելով աշակերտները ճանչնալու հայոց աշխարհի մեր հանճարներն ու մեծութիւնները, ոգեշնչուելու անոնցմով եւ միշտ վառ պահելու մայրենի լեզուն:
Երեկոն իր աւարտին հասաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ»ով եւ հիւրասիրութեամբ: