«Էրմէնիհապեր».-Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգման Խորհուրդը (CCAF) դատապարտած  է Սուրիոյ  հիւսիս-արեւելքը Թուրքիոյ կողմէն իրականացուող «Խաղաղութեան ակունք» զինուորական գործողութիւնը:

CCAF-ը Էրտողանի վարչակարգը եւ փանթիւրքիզմը տապալելու կոչ  ուղղած է: Խորհուրդին գրաւոր յայտարարութեան մէջ յիշուած է.

«Անգարայի կողմէն սկսած գործողութիւնը, փանթիւրքիզմի քրէական եւ էքսփանսիոնիստական տրամաբանական շարունակութիւնն է, որ այսօր էրտողանի վարչակարգը վերակենդանացուցած է»:

CCAF-ը յայտնած է, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերը` հայերը, երբեք չեն համակերպիր այս իրողութեան հետ:

Խորհուրդը նաեւ դիտել տուած է, որ պիտի աջակցի Ֆրանսային, որպէսզի թրքական ներխուժման հարցը տեղափոխուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի օրակարգ:

Յիշեցնենք, որ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններուած համակարգման խորհուրդը (CCAF) հիմնուած է 2001-ին, կը միաւորէ չորս տասնեակէն աւելի ֆրանսահայ քաղաքական, մշակութային, մարզական, կրթական, մասնագիտական եւ այլ կազմակերպութիւններ: Ունի երեք տարածաշրջանային գրասենեակ` CCAF Իլ-տը-ֆրանս (Փարիզ եւ հիւսիսային շրջաններ), CCAF Կեդրոն (Լիոն եւ կեդրոնական շրջաններ), CCAF Հարաւ (Մարսէլ եւ հարաւային շրջաններ):