Թարգմանչաց տօնին առիթով 12 Հոկտեմբերին Օշականի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան ամենամեայ «Կանթեղ» մրցանակաբաշխութիւնը: Ներկաները սկիզբը ծաղիկներ զետեղեցին Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին վրայ, այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Կանթեղ»-ի արժանացան ՌուսիայէնՆինա Գաբրիէլեան, Լեհաստանէն Կալինա Իզապելա Զիոլան, Վրաստանէն Մաղուալա Գոնաշուիլ, Ուքրանիայէն Օլեքսանտր Բոժկօն, Հայաստանէն Թադէոս Խաչատրեան, Գրիգոր Ջանիկեան եւ Ճուլիեթ Ղազարեան:

Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիթոնեան ըսաւ, որ միութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նախաձեռնութեամբ առաջին անգամ «Թարգմանչաց տօն»ը կը յիշատակուի որպէս միջազգային տօն: Հայաստանը հիւրընկալած է ոլորտի տասը արտասահմանեան ներկայացուցիչներ, որոնք հայ գրականութեան ինքնատիպ նմոյշներ թարգմանած են իրենց լեզուով` նպաստելով մեր գրականութեան հանրահռչակման:

Մրցանակաբաշխութեան ՀԳՄ մետալներ ստացան Իրանէն Ղաւամետտին Ռազավիզատէն, Քանատայէն Ալան Ուայթհորն, Վրաստանէն Պաղատեր Արապուլը:

Նարեկացի անուան յուշամետալի արժանացան Վրաստանէն Մանանա Գոգիաշուիլ, Իրանէն Վարանդ, Գերմանիայէն Վահիտ Նատիր, Արցախէն Վարդան Յակոբեան եւ Հայաստանէն Ալպերթ Նալպանտեան: