Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2019-ին, համդիպում ունեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն սփիւռքի մէջ` հայապահպանման առումով ընդհանրապէս, եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին մէջ մասնաւորաբար: Կեդրոնական վարչութեան տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ցուցաբերած հոգածութեան եւ գործակցութեան համար:
Վեհափառ հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Համազգայինի ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրներով, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը համառօտ կերպով անդրադարձաւ վարչութեան գլխաւոր աշխատանքներուն` յոյս յայտնելով, որ Վեհափառը սատար կը հանդիսանայ իր ծրագիրներուն: Հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր արծարծելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ` վերահաստատելով իր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Համազգայինի աշխատանքներուն: