«Էրմէնիհապեր».-ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակը, անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը իրականացուող, «խաղաղութեան աղբիւր» ռազմական գործողութեան, յիշեցուցած է Թուրքիոյ, որ պէտք է պահպանել միջազգային իրաւունքի բանաձեւը:
ՄԱԿ-ի յայտարարութեան մէջ յատկապէս ըսուած է.
«Մարդու իրաւունքներու միջազգային կանոնադրութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համաձայն, զանգուածային մահապատիժները լուրջ իրաւախախտումներ կը հանդիսանան եւ կրնան որակուիլ որպէս ռազմական յանցագործութիւն: Թուրքիան, իբրեւ պետութիւն, կրնայ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ իր հետ առնչութիւն ունեցող խմբաւորումներու կողմէն իրականացուող իրաւախախտումներուն համար»:
ՄԱԿ-ը օրինակ բերած է ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած բոլոր այն տեսանիւթերը, որոնք կը վերաբերին քիւրտ կին քաղաքական գործիչ Հեւրին Հալեֆի եւ «Սուրիոյ Ժողովդավարական Ուժերու» (SDF-ՍԺՈՒ) անդամներու սպանութիւններուն եւ աւելցուցած, որ զանգուածային պատժիչ գործողութիւններու շուրջ տեղեկութիւններ կը հաւաքէ: