16 Հոկտեմբեր 2019-ին Factor.am-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:

– Պարո՛ն Մանոյեան, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ իր գործողութիւններուն մէջ Թուրքիան որքա՞ն առաջ կրնայ երթալ: Յատկապէս հիմա, երբ սուրիական բանակը քրտական ուժերուն  միացած է, արդէն Մունպուճ մտած է, շրջանի այլ քաղաքներուն մէջ նոյնպէս սուրիական պետական դրօշներ կը ծածանին:

– Թուրքիան արդէն պէտք եղածէն աւելի  մտած է: Անգարան միշտ ալ ունեցած է երազներ` եւ՛ Իրաքի հիւսիսը մտնել, այդ ալ իրականացուց, եւ՛ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանները մտնել: Բայց  ասիկա միայն առիթ է, եւ ես վստահ չեմ, որ Թուրքիան դիւրութեամբ դուրս կու գայ այս տարածքներէն: Կը կարծեմ, որ ներկայ վիճակը բաւական զգայուն, սրած վիճակ է, որովհետեւ, ինչպէս ըսիք, արդէն դէմ-յանդիման է Սուրիոյ օրինական բանակին, ինչ որ կրնայ շատ աւելի մեծ բարդութիւններու պատճառ դառնալ: Նախ` որովհետեւ երկուքն ալ պետութիւններու կանոնաւոր զօրքեր են, երկրորդ` սուրիական պաշտօնական բանակին կ՛աջակցի առնուազն Ռուսիան, ինչ-որ չափով` Իրանը, եւ իրավիճակը շատ աւելի կը բարդանայ, եթէ Թուրքիան ետ չքաշուի:

– Մտավախութիւն կը հնչէ այն առումով, որ թրքական զօրքերը կրնան յարձակիլ Գամիշլիի վրայ: Սուրիոյ այս հատուածին հայերը առաւելաբար այս բնակավայրին մէջ կեդրոնացած են: Այս մտահոգութիւնը կը բաժնէ՞ք, եւ այս իրավիճակին մէջ ի՞նչ պէտք է  ըլլայ Հայաստանի քայլը` ըստ Ձեզի:

– Թուրքիոյ ներխուժումը Սուրիա ընդհանրապէս մտահոգիչ է, որովհետեւ չափ ու սահմանը յայտնի չէ, յայտնի չէ թէ մինչեւ ո՞ւր կը հասնի ան: Բայց Գամիշլիի մասին խօսելով պէտք է ըսել, որ ընդհանրապէս հայաբնակ թաղամասերը արդէն կը գտնուին սուրիական պաշտօնական բանակին վերահսկողութեան տակ: Այսինքն` այդտեղ շատ աւելի անհաւանական է Թուրքիոյ ներխուժման փորձը: Գամիշլիի շրջանն ալ ռումբեր ինկած են, բայց թիրախ դարձած են Ցամիշլիի քրտաբնակ շրջանները: Այնուամենայնիւ ոչինչ պէտք չէ բացառել, որովհետեւ, ի վերջոյ, Թուրքիան է եւ Թուրքիոյ նորօրեայ սուլթան Էրտողանն է, որ յայտնի չէ, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ կ’որոշէ:

– Ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը, տարածաշրջանի երկիրներունը` մասնաւորապէս, կեդրոնացած է Սուրիոյ վրայ: Կարելի կը համար՞էք, որ Պաքու, օգտուելով այս իրավիճակէն, սադրանքի դիմէ Արցախի կամ հայ-ատրպէյճանական սահմանին մէջ:

– Կը կարծեմ,  որ Ատրպէյճանի սուլթան ըլլալու ցանկութիւն ունեցող Ալիեւի մօտ կրնայ այդ փորձութիւնը մտածուած ըլլալ, բայց, կը կարծեմ, որ միջազգային համայնքը շատ աւելի եւ՛ զգուշաւոր, եւ՛ խստապահանջ կ՛ըլլայ այսպիսի ոտնձգութիւններու նկատմամբ, որպէսզի նաեւ այստեղ բռնկում տեղի չունենայ եւ ուղղակի կռիւներ չվերսկսին: Այն ժամանակ հակակշռելը իսկապէս շատ դժուար կ՛ըլլայ: Անոր համար ալ այդ փորձութեան հաւանականութիւնը թէեւ կայ Պաքուի կողմէ, բայց միջազգային համայնքը, դրացիները, հաւանաբար` նոյնինքն Թուրքիան, քիչ մը աւելի զուսպ կ՛ըլլան:

– Վարչապետ Փաշինեանի հնչեցուցած` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» արտայայտութիւնը լայն արձագանգ գտաւ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յայտնեց, որ նման յայտարարութիւններ չեն նպաստեր խաղաղ բանակցային գործընթացի յառաջխաղացքին: Փոխարէնը Մոսկուան ոչ մէկ խօսք ըսած էր, երբ Ալիեւի` «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» արտայայտութեան գծով: Այսօր ալ Ալիեւ ըսած է, թէ ժամանակին «Զանգեզուրը յանձնուած է Հայաստանին»: Ինչպէ՞ս բացատրել մեր ռազմավարական դաշնակիցին խտրական մօտեցումը:

– Ես կը կարծեմ, որ Ռուսիա միշտ կը փորձէ այս վարքագիծը դրսեւորել: Ինք Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է, բայց նաեւ կը ձգտի վերահսկել Ատրպէյճանին, անոր համար ալ երբեմն նման սխալներ թոյլ կու տայ` այդ կերպ փորձելով պահպանել իր հասանելիութիւնը Ատրպէյճանի վրայ: Բայց այդ մէկը, բնականաբար, ռազմավարական դաշնակիցէ ակնկալուող պահուածք չէ: Իր կարգին, վարչապետին յայտարարութիւնն ալ, չըսեմ, թէ որքանով ճիշդ է, որովհետեւ այո՛, Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, բայց վարչապետին ընթացքը այդ ուղղութեամբ չ՛երթար: Մէկ բան է` ըսել, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, եւ այդ օգտագործել` պարզապէս Մարտին Արցախի խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն անմիջական լծակ ունենալու համար, մէկայլ բան է, երբ  քանի մը ամիս առաջ կ՛ըսէր` ես չեմ կրնար Արցախի անունով խօսիլ: Կարելի չէ նման յայտարարութիւններն այլ հաշուարկներով գործածել:

– Անդրադարձաք Արցախի ընտրութիւններուն: ՀՅԴ Արցախի կառոյցը յայտարարեց, որ առանձին պիտի  մասնակցի ընտրութիւններուն: Մամուլի մէջ նոյնիսկ նախագահի թեկնածուներու անուններ սկսան շրջանառուիլ` Դաւիթ Իշխանեան եւ Արթուր Մոսիյեան: Վերջնական որոշում գոյացա՞ծ է այդ հարցով:

– Ոչ, ընդհակառակը: ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէն 30-էն աւելի գրանցուած կուսակցութիւններէն շուրջ 20-ին հետ արդէն հանդիպած է: Նախագահի պարագային Դաշնակցութեան մօտեցումը այն է, որ փափաքելի է, որ միասնական թեկնածու ըլլայ, միասնական օրակարգով եւ ծրագիրով: Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանականին, կը կարծեմ, որ Դաշնակցութիւնը ինքնուրոյն կը մասնակցի ընտրութիւններուն, թէեւ չի բացառուրի նաեւ այլ կուսակցութեան հետ: Համակարգը, որ որդեգրուած է Արցախի մէջ,  քիչ մը իւրայատուկ ձեւ է: Փոփոխութիւնները, կարծես, պիտի ուղղուէին դէպի խորհրդարանական, յանկարծ մէկ այլ բան դուրս եկաւ: Համակարգը այնպիսին է, որ եթէ նախագահը ինչ-որ հիմնաւորումով  օրէնքի սահմաններուն մէջ փափաքի լուծարել Ազգային Ժողովը, պէտք է ինքն ալ հրաժարի, քանի որ կարգը այնպէս է, որ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է միաժամանակ տեղի ունենան: Սա վտանգաւոր կրնայ ըլլալ ինչ-որ պահու մը, երբ իշխանութիւն ընդհանրապէս չըլլայ երկրին մէջ: Մենք չենք բաժներ այդ մօտեցումը, բայց հիմա սա է օրէնքը:

– Արցախի Ազգային Խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանի յայտարարութիւնները մեծ արձագանգ գտան: Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք աղմկահարոյց այդ յայտարարութիւնները: Համաձա՞յն էք այն տեսակէտներուն, որ անոնք կը խարխլեն հայկական երկու հանրապետութիւններու միասնականութիւնը:

– Իմ տպաւորութեամբ` Հայաստանէն սկսեալ այս ամէնը, ես կ’ըսէի` դեռ անցեալ տարի, երբ սկսաւ անցեալ տարուան շարժումը, նոյն ազատամարտի մասնակցած մարդուն արտայայտութիւններով, արցախեան ազատամարտի հետ համեմատել, յետոյ վարչապետը` «Դուք ո՞վ էք, որ կը պատասխանէք վարչապետին»… Ամէն պարագայի` սա առողջ մթնոլորտ չէ, անհրաժեշտ է վերջ տալ այս մթնոլորտին: Այսպիսով ոչ թէ մէկ կողմ պատասխանատու կ՛ըլլայ, այս պարագային` Բալասանեան, այլեւ բոլորը ունին իրենց յանցանքի բաժինը: Կը կարծեմ` սա փաստ է:

Թամարա Յակոբեան