ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովը անդրադառնալով Թուրքիոյ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու քայլին, խստիւ կը դատապարտէ միջազգային օրէնքները ոտնակոխող այս անմարդկային արարքը: Միութեանս գերագոյն ժողովին մասնակցող բոլոր անդամները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանի հայութեան և յատկապէս ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք այս պահուն պատնէշի վրայ կանգնած, հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական երդումին, իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան և ապահովութեան: Մարդկութեան պատմութեան մէջ նորութիւն չէ Թուրք-Օսմանեան պետական այս քաղաքականութիւնը , որ դարերու ընթացքին միշտ սպառնացած եւ կործանած է ազգային փոքրամասնութիւններու պատմական արժէքներն ու մշակոյթները: Առ այդ, յանուն ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն, կոչ կ’ուղղենք միջազգային ընտանիքին, որպէսզի Թուրքիոյ պարտադրէ անյապաղ կասեցնել իր ներխուժումը եւ վերահաստատել շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու անմեղ քաղաքացիներու ազգային անվտանգութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ժողով
17 Հոկտեմբեր 2019
Ծաղկաձոր- Հայաստան