Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն հայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար մար­զա­կան առողջ մթ­նո­լորտ եւ գոր­ծակ­ցե­լու մի­ջա­վայր ստեղ­ծե­լու առա­ջադ­րան­քով ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան ՍԵ­ՎԱՄ Մար­զա­կան Յանձ­նա­խում­բը ծնունդ առաւ եւ, ան­տե­սե­լով տե­ղա­տա­րափ հր­թիռ­նե­րը, նա­խա­ձեռ­նեց միջ-վար­ժա­րա­նա­յին մար­զա­կան մր­ցա­շար­քեր, որոնք շարունա­կա­կան ըն­թացք ու­նե­ցան, հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց ու աշա­կերտ­նե­րուն հետաքրքրութեան ար­ժա­նա­նալով:
Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ներ­կա­յու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Ուր­բաթ 11 Հոկ­տեմ­բեր 2019-ին յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 5։00-ին, Կր­թա­սի­րաց Ս. Չէմ­պէրճ­եան Երկրդ. Վարժարա­նի շր­ջա­փա­կէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան ՍԵ­ՎԱՄ Մար­զա­կան Յանձնախում­բին կազ­մա­կեր­պած 2019-2020 տա­րեշր­ջա­նի միջ-վար­ժա­րա­նա­յին մար­զա­կան մր­ցա­շար­քե­րուն բաց­ման հան­դի­սու­թիւնը: Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին նա­եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Արժ. Տ. Կո­մի­տաս Քհնյ. Տա­տաղլ­եա­նը, Պատ­կան Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Սուր­իոյ Խորհըր­դա­րա­նի երես­փո­խան Տի­ար Ժի­րայր Րէ­իս­եա­նը, հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու հո­գա­բար­ձու­թիւն­ներն ու տնօ­րէն­նե­րը, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան միութիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, մաս­նա­կից աշա­կերտ­նե­րը եւ հոծ բազ­մու­թիւն:
Տօ­նա­կան մթ­նո­լոր­տի մէջ, մի­աս­նա­կան ոգի­ով ըն­թացք առաւ բաց­ման հան­դի­սու­թիւնը Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի քայլերգ­նե­րով, կա­տա­րո­ղու­թեամբ ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի փո­ղե­րա­խում­բե­րուն: Օր­ուան հան­դի­սա­վար­ներն էին՝ քոյր Սարին Հայ­րա­պետ­եանն ու եղբ. Սա­գօ Խա­լոյ­եա­նը, որոնք ջեր­մա­գին խօս­քե­րով ոգե­ւո­րե­ցին ներ­կա­նե­րը:
ՍԵ­ՎԱՄ մար­զա­կան յանձ­նա­խում­բին խօս­քը փո­խան­ցեց ատե­նա­պետ եղբ. Մա­նօ Մար­գար­եա­նը, նշե­լով ՍԵ­ՎԱՄ-ի (Սուր­իոյ Երկ­սեռ Վար­ժա­րան­նե­րու Աշա­կեր­տա­կան Մր­ցա­շար­քեր) մր­ցա­շար­քե­րուն նպա­տա­կը, որ հիմ­նա­կա­նօ­րէն կը մի­տի մար­զա­կան առողջ ոգի սեր­մա­նել հայ աշա­կերտ­նե­րուն մէջ եւ գոր­ծակ­ցու­թեան մթ­նո­լորտ ստեղ­ծել:
Մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ելոյթ ու­նե­ցան հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րու պա­րա­խում­բե­րը՝ Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն.Աղ­բալ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղի «Շու­շի» պա­րա­խում­բը, Կր­թա­սի­րաց Մշկթ. Միու­թեան «Շող» պա­րա­խում­բը, ՀԵԸ-ի «Անդ­րա­նիկ» պարա­խում­բը եւ ՀԿՄ-ի «Գառ­նի» պա­րա­խում­բը:
Ապա, հոծ բազ­մու­թեան եւ ծնող­նե­րու ծա­փող­ջոյն­նե­րով հան­դի­սա­ւոր կեր­պով մուտք գոր­ծե­ցին հա­լէ­պա­հայ ութ վարժա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րը, որոնք տո­ղան­ցե­լով յայտ­նե­ցին իրենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը մար­զա­կան ոգի­ով սկսե­լու մր­ցա­շար­քե­րը:
Այ­նու­հե­տեւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով մը Հա­մազ­գա­յի­նի Թա­տե­րա­կան Մի­ա­ւո­րին կող­մէ նա­ւա­սարդ­եան խաղերուն խոր­հուր­դը փո­խանց­ուե­ցաւ, ապա թա­գա­ւո­րին տիպարը ներկայացնողին ձե­ռամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ջահավառում, ըն­թացք տա­լով 2019-2020 տա­րեշըր­ջա­նի մար­զա­կան մր­ցա­շար­քե­րուն:
ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չութ­եան խօս­քը փո­խան­ցեց Շրջ. Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Աւե­տիս Տէր­վիշ­եան: Ան կա­րե­ւո­րեց տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թիւն դար­ձած միջ-վար­ժա­րա­նա­յին մր­ցա­շար­քե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը, հա­լէ­պա­հայ վարժա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան առողջ մի­ջա­վայր ստեղ­ծե­լու ի խն­դիր: Ան շնորհակա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու հո­գա­բար­ձու­թեանց եւ տնօ­րէ­նու­թեանց, իրենց ցուցաբերած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր իր հայ­րա­կան քա­ջա­լե­րա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան հա­մար եւ երախ­տա­գի­տա­կան յա­տուկ խօսք ուղ­ղեց Սուր­իոյ վսե­մա­շուք նա­խա­գահ Տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին ու Սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին:
Խօս­քի աւար­տին ան բաց յայ­տա­րա­րեց մր­ցա­շար­քը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով աշա­կերտ­նե­րուն:
Հան­դի­սու­թեան աւար­տին իր սր­տի խօսքն ու հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւնը փո­խան­ցեց Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը: Ան աշա­կերտ­նե­րուն ուղ­ղե­լով խօս­քը նշեց՝ «Մար­զանքն է ձեզ հա­մախմ­բո­ղը, սա­կայն որ­պէս մէկ ազ­գի եւ ժո­ղո­վուր­դի զաւակներ մար­զան­քին ընդ­մէ­ջէն ձեր սէ­րը կ’ար­տա­յայ­տէք իրա­րու նկատ­մամբ եւ ձեր հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ»:
Սր­բա­զան Հայ­րը անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց մար­զա­կան ոգին փո­խադ­րել մեր կեան­քե­րուն մէջ, ձգ­տե­լով միշտ լա­ւա­գոյ­նին եւ հրա­ւի­րեց աշա­կերտ­նե­րը շա­րու­նակ մր­ցե­լու, պայ­քա­րե­լու, տագ­նա­պե­լու՝ հաս­նե­լու հա­մար լա­ւա­գոյ­նին:
Սր­բա­զան Հայ­րը գնա­հա­տեց ՀՄԸՄ-ի ՍԵ­ՎԱՄ մար­զա­կան յանձ­նա­խում­բին տա­րած լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քը մաղթե­լով, որ այս մր­ցա­շար­քը ըլ­լայ հա­մախմ­բու­մի առիթ, որ­պէս­զի հայ աշա­կերտ­նե­րը մի­ա­նան, իրենց փորձառութիւննե­րը փո­խա­նա­կեն, զի­րար ճանչ­նան, մի­աս­նա­բար հա­յե­րէն խօ­սին եւ իրար­մով զօ­րա­նան:
Ան շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց Սուր­իոյ վսե­մա­շուք նա­խա­գահ Տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին եւ Սուր­ի­ա­կան բանակին: Ճե­զի­րէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով, Սր­բա­զան Հայ­րը աղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աստ­ուած Սուր­իոյ մի­աս­նա­կա­նու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար:
Յի­շենք, որ լո­ղի մր­ցա­շար­քը ար­դէն տե­ղի ու­նե­ցած է եւ ներ­կա­յիս ըն­թաց­քի մէջ է ոտ­նագն­դա­կի մր­ցա­շար­քը:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան
Մամուլի Յանձնախումբ