«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) Տիարպեքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարան տեղափոխած է Հրանտ Տինք հիմնադրամին կազմակերպած գիտաժողովը արգիլելու հարցը:
Փայլան նիւթին շուրջ գրաւոր հարցապնդում ուղղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին` պահանջելով պարզաբանել, թէ ինչո՛ւ արգիլուած է Կեսարիոյ եւ ապա Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի ընկերային-մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» թեմայով գիտաժողովը:

Հայ պատգամաւորը հետեւեալ հարցերը ուղղած է Սուլէյման Սոյլուին.

1.Հիմնադրամները եւ քաղաքական կուսակցութիւնները, երբ «հաւաքներու եւ ցոյցերու մասին» թիւ 2911 օրէնքի մէջ չեն ներառուիր, ապա ո՞ր իրաւական հիմքով արգիլուած է Հրանտ Տինք հիմնադրամի կողմէն կազմակերպուած գիտաժողովը:
2.Այս միջազգային գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենար Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ի՞նչ է այն փաստարկը, որ արգիլուած է նախ Կեսարիոյ, ապա Սթանպուլի մէջ:
3.Ինչպէ՞ս կրնաք բացատրել այդ մասնակիցներուն, որ այդ միջազգային գիտաժողովը, որուն իրականացման ժամեր մնացած էին, առանց որեւէ փաստարկ ներկայացուելու արգիլուած է:
4.Ինչու՞ ձեր կառավարութիւնը աջակցելու փոխարէն կը փորձէ արգիլել Հրանտ Տինք հիմնադրամի գործունէութիւնը, որ կը զարգացնէ երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ ապրումակցումի մշակոյթը:
5.Այս արգիլման որոշումները կայացուցած էք, որպէսզի չխօսի՞ն Կեսարիոյ եւ ողջ շրջակայքի մէջ մինչեւ 100 տարի առաջ գոյութիւն ունեցող բազմամշակութայնութեան, տարածաշրջանի մէջ ապրող հայերուն եւ անոնց ճակատագիրերու մասին:
Յիշեցնենք, որ երբ արդէն գիտաժողովի նախապատրաստական ողջ աշխատանքները աւարտած էին եւ բոլոր բանախօսները թէ՛ Թուրքիայէն, եւ թէ՛ աշխարհի տարբեր կողմերէն Սթանպուլ եկած էին, 17 Հոկտեմբերին, ժամը 17:08-ին Շիշլիի համայնքապետարանէն ներս գիտաժողովը արգիլելու մասին հիմնադրամ ծանուցում ուղարկուած է: Ծանուցման մէջ որեւէ փատարկ չէ նշուած, թէ ինչու գիտաժողովը արգիլուած է: