Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը անդրանիկ այցելութիւն տուին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ակումբ եւ հանդիպում միութեան Վարիչ Մարմինին հետ:

Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Արծարծուեցան հայ համայնքը յուզող հարցեր, յատկապէս համայնքի գոյատեւման եւ հայապահպանման առնչուող:
Սրբազան հայրը ծանօթացաւ միութեան աշխատանքին, քաջալերեց տարուած գործունէութիւնը եւ օրհնելով միութիւնը, մշտանորոգ թափ ու կորով մաղթեց անոր անդամներուն: