Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղյ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Գամիշլիի Պատկան Մարմինին եւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, մեկնեցաւ Տերիք։

Հոգեշնորհ հայր սուրբն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Տերիքի ազգայիններուն կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացան։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ ետք, այցելեց Տերիքի «Հուրիէ» ազգային վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ նախ աշակերտութեան, ապա տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ՝ իրազեկ դառնալու դպրոցի ներկայ իրավիճակին եւ պարզելու շրջանի վերջին դէպքերուն հետեւանքով յառաջացած դժուարութիւններն ու անոնց ազդեցութիւնը աշակերտութեան եւ ուսման ընթացքին վրայ։

Ապա հայր սուրբը հանդիպում ունեցաւ Տերիքի միութիւններու վարչութիւններուն եւ ազգային մարմիններուն հետ, որոնք համառօտ կերպով ներկայացուցին տարուող աշխատանքները եւ նախատեսուած ծրագիրները, լուսարձակի տակ առնելով Տերիքի հայ համայնքին ներկայ վիճակը, ապահովութեան կարգադրութիւններն ու սպառնացող վտանգը դիմագրաւելու նախապատրաստական աշխատանքները։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց սատար կանգնելու եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու Ճեզիրէի հայաբնակ շրջաններու բնակչութեան։

Յետմիջօրէի ժամը 6։30-ին, հայր սուրբը Ս. Եւ Անմահ Անդրանիկ Պատարագը մատուցեց, ապա իր պատգամը ուղղեց ներկայ Ժողովուրդին։

Աւարտին, հոգեշնորհ հայր սուրբն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան ժողովուրդին հետ եւ անոր մտահոգութիւններուն իրազեկ դարձան։