Հակառակ թուրք-ամերիկեան 120 ժամուան զինադադարի համաձայնութեան, թրքական բանակը կը շարունակէ յարձակիլ սուրիական հողերուն վրայ:

Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերն ու անոնց պատկանող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները սուրիական հիւսիսային հողերուն ուղղութեամբ իրարայաջորդ յարձակումներ գործելէ ետք, Հասիչէի հիւսիսային շրջանի Ռաս ուլ Այն աւանը բռնագրաւեցին:

Աղբիւրը աւելցուց, որ բռնագրաւումին հետեւանքով հարիւրաւոր բնակիչներ տեղահանուեցան եւ բազմաթիւ բնակարաններ քանդուեցան: