Այսօր, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այցելեց Իտլիպի Հապիթ գիւղի հիւիսային շրջանի առաջնային գիծերուն վրայ դիրք պահած սուրիական բանակի զինուորներուն:
Նախագահը զինուորներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Էրտողան աւազակ մըն է… Ան թալանեց նախ Սուրիոյ գործարանները, ապա ցորենն ու քարիւղը, իսկ այս օրերուն սուրիական հողեր կը բռնագրաւէ:

Ասատ շեշտեց, որ սուրիական բոլոր տարածքները նոյն կարեւորութիւնը կը ներկայացնեն մեզի համար, առաջնահերթութիւնները սահմանողը զինուորական գետնի վրայ արձանագրուող յառաջխաղացքն է:

Սուրիոյ նախագահը աւելցնելով ըսաւ. «Իտլիպը ահաբեկիչներու առաջնային պահակատունն էր: Ներկայիս պատերազմը արեւելեան շրջանին մէջ է, իսկ արեւմտեան շրջանի պահակատունը սուրիական բանակը քայքայելու կ՛ուզեն ծառայեցնել: Յաճախ ըսած ենք ու կը կրկնենք, Իտլիպի պատերազմը հիմքն է Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն ահաբեկչութեան ու քաոսի վերացման»:

Ասատ դիտել տուաւ, որ երբ յարձակումի կամ թալանի կ՛ենթարկուինք, անհրաժեշտ է որ ըլլանք միասնակամ, համադրենք մեր պայքարի միջոցները եւ համախոհութեամբ յառաջանանք: Կարգ մը սուրիացիներ, յատկապէս պատերազմի առաջին տարիներուն, այս սկզբունքը չորդեգրեցին: «Զիրենք յորդորեցինք յոյս չդնել օտարին վրայ, այլ՝ սուրիական բանակին, հայրենիքին ու ժողովուրդին վրայ, սակայն՝ ձայն բարբարոյ յանապատի… ներկայիս նման կողմեր իրենց գրաւը կը դնեն ամերիկացիին վրայ», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը:

«Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ յարձակումներու առաջին իսկ օրերէն մեր հիմնական քայլը եղաւ կապ հաստատել քաղաքական եւ զինուորական ուժերուն հետ: Մենք շեշտեցինք, որ պատրաստ ենք զօրակցիլ բոլոր դիմադրող ուժերուն: Սա մեր քաղաքական որոշումը չէր, այլ սահմանադրական եւ հայրենասիրական պարտքը: Եթէ նման գործակցութեան ոգի չունենանք ու չպաշտպանենք մեր հայրենիքը, արժանի չենք անոր», եզրափակեց Պաշշար ալ Ասատ: