Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիէի անդամ Արմէն Սարգսեան Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին մեկնաբանելով Նիկոլ Փաշինեանի` «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ» արտայայտութեան ազդեցութիւնը բանակցային գործընթացին վրայ ըսաւ, որ վարչապետը, եթէ միտք մը կ’արտայայտէ, պէտք է ստեղծէ համապատասխան ձեւաչափ` այդ միտքը իրականացնելու համար:

«Մենք կը պայքարինք միաւորման համար եւ գիտենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է մնայԱրցախի Հանրապետութիւն, որպէսզի ինքնորոշման իրաւունքը կարենանք վաստակել», ըսաւ ան:

Անոր համոզումով` բանակցային գործընթացի տրամաբանութիւնը յստակ պէտք է ըլլայ հետեւեալ ձեւով` Արցախի Հանրապետութիւնը մասնակցի բանակցային գործընթացին, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըլլայ միայն անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորը:
Արմէն Սարգսեանը այս հարցին մէջ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը ճիշդ կը համարէ, որուն համաձայն` ՀՀ եւ ԱՀ միջեւ պէտք է կնքուի ռազմավարական դաշինք: Տակաւին 1992 -ին ՀՅԴ-ն Լեւոն Տէր-պետրոսեանին առաջարկած էր ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը, բայց առ այսօր ճանչցուած չէ: Եթէ այսօր կատարուի, սխալ ընկալում կը ձեւաւորուի` կը հասկցուի, որ մինչեւ հիմա ՀՀ-ն չէ ճանչցած Արցախի Հանրապետութիւնը: Այս պատճառով Դաշնակցութիւնը կողմնակից է հայկական երկու հանրապետութիւններու միջեւ ռազմավարական դաշինքի կնքումին: «Այսինքն` մինչեւ հիմա ճանչցած ենք, հիմա կ’ամրապնդենք դաշինքով: Իմ կարծիքովս, ՀՅԴ-ի առաջարկը ամենաճիշդ լուծումն է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Հանրային ընկալման տեսանկիւնէն` Արմէն Սարգսեան հանգիստ է, ըսելով.«Ժողովուրդները արդէն իրենց հարցը լուծած են` Արցախը Հայաստան է, Արեւմտեան Հայաստանը` Հայաստան է, ու վերջ, իսկ այն իշխանութիւնները, որոնք կը փորձեն սեպ խրել ՀՀ եւ ԱՀ ժողովուրդներու միջեւ, անոր համոզումով, դատապարտուած են քաղաքական մահուան»:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամը խօսեցաւ նաեւ 2020 թ.-ի` Արցախի նախագահի ընտրութիւններուն ՀՅԴ թեկնածուի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին մասին: