ՀՀ Արագածոտն մարզի Ուճան գիւղի վերահիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անունով իր ողջոյնի խօսքը սկսաւ նոյն մարմնի անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան որ ըսաւ.«Ուճանցիները հարիւր տարի առաջ գաղթելով Արեւմտեան Հայաստանէն` հաստատուած են այս գիւղին մէջ: Համոզուած եմ, որ ուճանցիին հոս ըլլալը ժամանակաւոր է. մեր յաջորդ հանգրուանը Արեւմտեան Հայաստանն է, դէպի այն բնակավայրերը, ուրկէ եկած են մեր պապերը: Մենք այս նոր սերունդին հետ միասին պէտք է դուռ բանանք եւ պէտք է երթանք մեր երկիրը: Անոր համար պէտք է վրէժը տաք պահենք մեր սիրտին մէջ, մեր միտքին մէջ, մեր գլուխին մէջ»:

19 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ձեռնարկը նախաձեռնողը համայնքապետ Նայիրի Կիրակոսեանն էր, հիւրերուն մէջ ներկայ էր` ՀՅԴ ԳՄ նախագահ Սիմոն Սիմոնեան:
Բժիշկ Տարօն Տօնոյեան, որ ազատամարտի տարիներէն սկսեալ, մեծ ճանաչում եւ յարգանք կը վայելէ գիւղի բնակիչներուն կողմէ, իր ելոյթին մէջ յայտնած է, որ երեխաներուն մէջ պէտք է միշտ յարգանք սերմանել մեծերուն, սէր` գիտութեան, հայրենիքին, հողին, մշակին եւ ուսուցիչինն հանդէպ:
Տարօն Տօնոյեան յիշեց եւ արժեւորեց գիւղի փառապանծ մարտիկներուն անցած ուղին` մատնանշելով նաեւ նորօրեայ սերունդին վրայ դրուած մեծ առաքելութիւնը. «Ազատամարտի եւ ջոկատի առաջին զոհը եղաւ Յարութիւնեան Նորիկը, որուն յուշարձանը հոս կանգնած է, պատահական չէ, որ հոս է մեր շատ սիրելի, յարգարժան ընկեր Հենրիկ Յովհաննիսեանի յուշարձանը: Եւ բոլոր մեր ընկերները, մեր սուրբ նահատակները իրենց հայեացքը յառած են այն նոյն ուղղութեամբ, որ մեր պապերը իրենց աչքերը փակեցին. դէպի Հայրենիք, դէպի Երկիր: Սիրելի ուճանցիներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի համայնքապետ, մեր լաւ ընկեր Նաիրի Կիրակոսեան, կը շնորհաւորենք եւ համայնքին կը ցանկանք ամուր, հայրենիքի հզօրացման ու շէնացման ուղղուած անխռով եւ հաստատ ընթացք», եզրափակեց իր խօսքը բժիշկ-ազատամարտիկը: