«Թերթ».-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկրի երկու փոխվարչապետները` Ալի Հասանովն ու Հաճիպալա Ապուտալիպովը պաշտօնազուրկ ընելու հրամանագիր ստորագրած է, գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում ընելով Ատրպէյճանի նախագահի մամուլի ծառայութեան յայտարարութիւնը:
Հրամանագիրը գործադրութեան կը դրուի ստորագրման պահէն սկսեալ:
Փոխվարչապետները պաշտօնազուրկ ընելու պատճառները անյայտ են:
Որոշ աղբիւրներ յայտնած են, որ անոնք պաշտօնէն հրաժարելու դիմումներ ներկայացուցած են: