Կի­րա­կի, 20 Հոկ­տեմ­բեր 2019-ին, ՍԱ­ՆԱ հա­ղոր­դեց, որ թր­քա­կան ու­ժերն ու անոնց պատ­կա­նող զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րը սուր­ի­ա­կան հիւ­սի­սա­յին հո­ղե­րուն վրայ իրա­րա­յա­ջորդ յար­ձա­կում­ներ գոր­ծե­լէ ետք, Հա­սի­չէի հիւսիսա­յին շր­ջա­նի Ռաս ուլ Այն աւա­նը գրա­ւե­ցին:
Աղ­բիւ­րը աւել­ցուց, որ բռ­նագ­րա­ւու­մին հե­տե­ւան­քով հա­րիւ­րա­ւոր բնա­կիչ­ներ տե­ղա­հան­ուե­ցան եւ բազ­մա­թիւ բնակարան­ներ քանդ­ուե­ցան:
ՄԱԿ-ի տու­եալ­նե­րու հա­մա­ձայն, թր­քա­կան «Եփ­րա­տի Աղ­բիւր» գոր­ծո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քով ցարդ 180.000 քաղաքացի տե­ղա­հան եղած է Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջան­նե­րէն:
Բրի­տա­նա­կան «Տէյ­լի Մէյլ» թեր­թը հրա­պա­րա­կած էր Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րուն առնչուող սար­սա­փազ­դու լու­սան­կար­ներ, որոնք ցոյց կու տա­յին թր­քա­կան ու­ժե­րուն եւ անոնց են­թա­կայ զին­եալ խմբաւո­րում­նե­րուն ի գործ դրած գլ­խա­տում­ներն ու այլ բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը: